Համազգայինի Նիկոսիոյ «Օշական» մասնաճիւղի «Մշակութային Երեկոյ» յաջորդական ծրագիրներուն շարքին այս եղանակի վերջին հանդիպումը տեղի ունեցաւ Ուրբաթ, 9 Յունիս 2023-ին։
Վարչութեան ատենապետ Արթօ Դաւիթեանի հակիրճ բացման խօսքէն ետք բեմ հրաւիրուեցաւ օրուան բանախօս՝ Արաբական Ծոցի Աստուածաշունչի Ընկերութեան ընդհանուր Քարտուղար Դոկտ. Հրայր Ճէպէճեանը, որ ներկայացուց «Սփիւռք, Հայապահպանում եւ Ամբողջական Մշակոյթ» նիւթը։
Դոկտ. Ճէպէճեան իր նիւթը սկսաւ նախ ներկայացնելով մշակոյթ հասկացողութիւնը եւ անոր բաղադրիչ մասերը՝ դրուատելով ամբողջական մշակոյթի կազմաւորումը եւ հասկացողութիւնը հաւաքականութեան մը կեանքի համար։ Ան ապա անդրադարձաւ ցեղասպանութեան պատճառած մեծ աղէտներէն մէկուն՝ հայուն ամբողջական մշակոյթի կորուստին, երբ հայ ժողովուրդը իր պապենական հողէն տեղահան ըլլալով կորսնցուց իր ազգային հողին վրայ ապրելու իր ինքնուրոյն կենցաղը։
Դոկտ. Ճէպէճեան խօսեցաւ հայկական սփիւռքներու կազմաւորումին մասին՝առաջին օրերէն հասնելով ներկայ ժամանակները։ Այս իմաստով՝ ան ներկայացուց հայկական սփիւռքներու բարդ խճանկարները այսօր՝ օրինակներ բերելով իր երկար տարիներու ճամբորդութիւններու փորձառութենէն՝ ուր այցելած եւ տեսած է շատ մը հայկական գաղութներ։ «Հայկական սփիւռքները տարբեր են բայց օտարներ չեն»,- ըսաւ ան։
Անդրադառնալէ ետք ներկայ ժամանակներու համաշխարհային կարգավիճակներուն, Դոկտ. Ճէպէճեան իր խօսքին վերջաւորութեան խօսեցաւ հայապահպանումի մեծ մարտահրաւէրներուն մասին։ «Մենք հայապահպանումի մեծ պատերազմի մէջ ենք սփիւռքի մէջ։ Իւրաքանչիւր գաղութ իր ճակատամարտը կը մղէ այս իրականութեան մէջ»,- ըսաւ ան։ Դոկտ. Ճէպէճեան շեշտեց դաստիարակութեան կարեւորութիւնը նոր սերունդի համար ու անհրաժեշտութիւնը՝ սերմանելու հպարտութիւնը հայկական ինքնութեան եւ մշակութային մեծ ժառանգի գիտակցութեան մէջ։ Ան քաջալերեց ներկաները լիցքաւորուելու «դրական ուժով» եւ լաւատեսութեամբ։
Յայտագիրը վերջ գտաւ Տիկին Նառա Սարդարեանի եւ երիտասարդ երգիչ Գարիկ Մալխասեանի ելոյթով, անոնք գեղեցիկ կերպով կատարեցին Մեծն Կոմիտասի գործերէն ընտրանի մը։
Փակելով երեկոն, Արթօ Դաւիթեան շնորհակալութիւն յայտնեց յայտագրի մասնակիցներուն ու յատկապէս Դոկտ․ Ճէպէճեանին, որ իր դիւրահաղորդ ոճով խոր տպաւորութիւն ձգեց ներկաներուն մօտ։