
Համազգայինի Նիկոսիոյ «Օշական» մասնաճիւղի հերթական Մշակութային Երեկոն, նուիրուած հայրենի բանաստեղծուհի Մարիաննա Շահպարոնեանին, տեղի ունեցաւ Ուրբաթ, 17 Նոյեմբեր 2023-ին։
Վարչութեան ատենապետ Արթօ Դաւիթեան իր բացման խօսքով ներկայացուց բանաստեղծուհին նշելով, որ ան օտարութեան մէջ մեծցած ու հայերէն սորված հայուհի մըն է, որուն անհուն սէրը հայրենիքին հանդէպ զինք մղած է Հայաստան վերադառնալու եւ հոն ստեղծագործելու։
Ապա, բեմ հրաւիրուեցաւ Մարիաննա Շահպարոնեանը, որ ներածական կարճ խօսքէ մը ետք ընթերցեց իր առաջին՝ «Դէպի Հայաստան» հատորէն բանաստեղծութիւններ, նուիրուած Հայաստանին ու հայրենի աշխարհին։ Բանաստեղծութիւններու ներկայացումէն ետք բանաստեղծուհին տեսերիզներ ցուցադրեց սփիւռքի զանազան գաղութներու մէջ իր ունեցած ելոյթներուն վերաբերեալ, արժանանալով ներկաներու ջերմ գնահատանքին։
Մարիաննա Շահպարոնեանի ելոյթէն ետք, Համազգայինի «Սիփան» պարախումբի շնորհալի անդամ Էլէն Անդրէասեան ընթերցեց բանասեղծուհիին յունարէնի թարգմանուած ոտանաւորներէն մէկը՝ «Սիւնիք»։
Յայտագիրը շարունակուեցաւ Տիկին Զարա Բարխուդարեանի եւ պատանի Էտկար Էվոյեանի ելոյթով. անոնք գեղեցիկ կերպով կատարեցին «Շողեր Ջան», «Քանի Վուր Ջան Իմ» եւ «Չքնաղ Երազ» երգերը։
Երեկոն փակուեցաւ Վարչութեան շնորհակալութեան խօսքով ու աւանդական «Պատառ ու Գինի»ով, որուն ընթացքին ներկաները շարունակեցին բանաստեղծուհիին հետ իրենց զրոյցը, հարցումներով ու շնորհաւորական արտայայտութիւններով։