
Համազգայինի Նիկոսիայի «Օշական» Մասնաճիւղի հերթական Մշակութային Երեկոն, նուիրուած Դոկտ․ Հրայր Ճէպէճեանի «Հայակական Ազգագրական Պատկերներ – Տեսիլք, Կամք, Յոյս» գիրքի շնորհանդէսին, տեղի ունեցաւ Ուրբաթ, 19 Ապրիլ 2024-ին։
Վարչութեան ատենապետ Արթօ Դաւիթեանի բացման խօսքէն ետք, ներկաները հետեւեցան Վեր․ Դոկտ․ Վարդգէս Քասունիի առցանց ողջոյնին, որմէ ետք գիրքին բովանդակութիւնը եւ խորքային իմաստները ներկայացուցին տիկիններ Նայիրի Մուրատեան եւ Իրիս Ետալեան-Գարամանուկեան։
Նայիրի Մուրատեան նշեց, որ այս հատորը Հրայր Ճէպէճեանի երրորդ գիրքն է աւելցնելով, որ այս հատորները իրենց արժանի տեղը պիտի գտնեն արեւմտահայ գրականութեան հարուստ շտեմարանին մէջ, իրենց բովանդակած ճոխ պաշարով։ «Այս երեք հրատարակութիւնները, զիրար փոխ-լրացնող եւ իրարու հետ փոխ կապակցութիւն ունեցող գիրքեր են։ Կարելի չէ մէկը միւսէն անջատել, որովհետեւ հասարակ յայտարարը, ուղերձը, պատգամը կամ յորդորը նոյնն է վերջաւորութեան․ հայ ժողովուրդի մղած պայքարը՝ գոյատեւման ճամբուն վրայ»,- ըսաւ ան։
Իրիս Ետալեան-Գարամանուկեան իր խօսքին մէջ ընդգծեց, որ Հրայր Ճէպէճեանի պատումները մեծ մասամբ կը վերաբերին սփիւռքին եւ սփիւռքահայերու կեանքին։ Հարազատ արտայայտութիւններով, ճոխ բառամթերքով եւ հրապուրիչ ոճով ան ընթերցողին կը ներկայացնէ հայուն ապրած տագնապը, ցաւը եւ մարտահրաւէրները, անոր ստեղծագործութիւնն ու աշխուժութիւնը։ «Գիրքը ունի ընկերային աշխարհատեսութիւն, ընդգրկուն շեշտուածութիւն, անպայմանօրէն համահայկական խորաշերտ տարողութեամբ»,- ըսաւ ան։
Գիրքին եւ ներազգային կեանքին վրայ գիրքին ունեցած ազդեցութեան ու պատգամներուն քննարկումը կատարեց Պրն․ Սիմոն Այնէճեան, որ նշելէ ետք, թէ Հրայր Ճէպէճեանի հատորները Սփիւռքի մեր անկոչ դեսպանին վկայութիւններն են, մեր ժամանակներուն վկայութիւնները, որոնց մէջէն երեւան կու գայ մեր տարբեր ըլլալը՝ թերութիւններով եւ առաւելութիւններով, կոչ ուղղեց հեղինակին, յաջորդ հատորով ըլլալ աւելի խիստ ու պահանջատէր։ Որովհետեւ՝ «Մեր տաճարին սիւները սկսած են խարխլիլ, բախումի մէջ կը գտնուին մտածումներ եւ քաղաքական ուղղութիւններ եւ ուր կարելի չէ քով-քովի գալ ու հասարակ յայտարարներ գտնել։ Բախում պիտի ըլլա՛յ, ու մէկը յաղթէ․ մեր ներկայ կացութեան մէջ այլ ելք չկա՛յ»,- ըսաւ ան մաղթելով, որ «Յիսուս տաճար մտնէ եւ սկսի դուրս հանել առեւտուր ընողները»։
Ապա ելոյթ ունեցաւ հեղինակին կինը՝ Դոկտ․ Արտա Ճէպէճեան, որ իր անձնական զգացումներն ու մտածումները փոխանցեց ներկաներուն, որպէս խմբագիրը Հրայր Ճէպէճեանի երեք հատորներուն։
Գիրքին հեղինակը՝ Դոկտ. Հրայր Ճէպէճեան, շնորհակալութիւն յայտնեց Համազգայինի վարչութեան, որ նախաձեռնած է կազմակերպել շնորհահանդէսը, ինչպէս նաեւ՝ յայտագրին մէջ բաժին վերցուցած իւրաքանչիւր խօսողին։ Դոկտ. Ճէպէճեան ապա անդրադարձաւ հայ ժողովուրդի ներկայ իրավիճակին՝ Հայաստան, սփիւռք եւ Արցախ եւ մեր պատմութեան այս դժուար ժամանակահատուածին, որուն մէջէն կ'անցնինք այսօր։ Ան նոյնպէս անդրադարձաւ ցեղասպանութեան մեր նահատակներուն եւ հարց տուաւ. «Արդեօք անոնց օրերը եւ պայմանները աւելի նուա՞զ դժուար էին, քան մեր ժամանակները»։ Դոկտ. Ճէպէճեան իր խօսքը եզրափակեց քաջալերական եւ յուսատու տրամադրութեամբ մը՝ որ հայը այս դժուար օրերուն մէջէն ալ պիտի կարենայ դուրս գալ։ Ան յիշեցուց, որ մեր նահատակ նախահայրերը ունին պատգամ մը մեզմէ իւրաքանչիւրին. «Մենք մեռանք, որպէսզի դուք ապրիք»։ Եւ հայը պիտի շարունակէ ապրիլ եւ դուրս գալ այս դժուար ժամանակահատուածին մէջէն։
Յայտագիրը փակուեցաւ Կաթողիկոսական Փոխանորդ Խորէն Արքեպիսկոպոսի սրտի խօսքով ու աղօթքով, որմէ ետք տեղի ունեցաւ գիրքերու մակագրում եւ ընկերային պահ-հաղորդակցութիւն։