
Համազգայինի Նիկոսիայի «Օշական» Մասնաճիւղի հերթական Մշակութային Երեկոն, նուիրուած «Սիփան» պարախումբին եւ պարուսոյց Ժաննա Թահմիզեանին, տեղի ունեցաւ 15 Մարտ 2024-ին աւելի քան 75 հոգիի ներկայութեամբ։
Վարչութեան ատենապետ Արթօ Դաւիթեան իր բացման խօսքին մէջ նախ անդրադառնալէ ետք Համազգայի 95-ամեակի հանդիսութիւններուն, համառօտ կերպով ներկայացուց Կիպրոսի Համազգայինի մասնաճիւղին եւ «Սիփան» պարախումբին ծագումն ու զարգացումը, յիշատակելով բոլոր նախկին պարուսոյցներուն անունները։
Համազգայինի Կիպրոսի պարախումբերու ներկայ պարուսոյց Գրիգոր Քէլէշեան իր խօսքին մէջ նշեց, որ թերթելով արխիւներն ու տասնեակներով տեսանիւթերը, կարելի է անդրադառնալ, թէ անցեալին ի՛նչ մեծ աշխատանքով հիմը դրուած է այն կառոյցին, որ այսօր արդէն բազմայարկ շէնքի մը վերածուած է։
Ապա, ցուցադրուեցան հին տասնամեակներու բազմաթիւ նկարներ ու տեսանիւթեր, որոնց ընթացքին պարուսոյցը որոշ բացատրութիւններ տուաւ, մինչ ներկաները ինքնաբուխ արտայայտութիւններով պաստառին վրայ երեւցողներուն անունները կու տային։
Ընդհանուր խանդավառութեան այս պահէն ետք խօսքը տրուեցաւ պարախումբի նախկին անդամ Նաթաշա Թաւուքճեանին, որ պատմեց պարուսոյց եւ բեմադրիչ Ժաննա Թահմիզեանէն սորվածներն ու յուշերը, դրուատելով անոր կատարած գործը կիպրահայ գաղութին մէջ։ Նաթաշա Թաւուքճեան շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ Համազգայինին, որ կը ջանայ վառ պահել մշակոյթի ջահը մեր գաղութին մէջ։
Վերջաւորութեան, ներկաները խոր յուզումով եւ կարօտով դիտեցին Ժաննա Թահմիզեանին առցանց ելոյթը, որուն ընթացքին ան իր ջերմ մաղթանքներն ու համբոյրները ղրկեց բոլորին, յաջողութիւն մաղթելով «Սիփան» պարախումբին եւ անոր բազմաշնորհ ղեկավար Գրիգոր Քէլէշեանին, որ մեծ խանդավառութեամբ կը շարունակէ սկսուած գործը։
Երեկոն փակուեցաւ պարախումբի կազմին ներկայացումով եւ պարուսոյցին հետեւեալ խօսքով․ «Դուք պաստառին վրայ տեսաք անցեալը, ձեր առջեւ կը գտնուի ներկան, իսկ մեր նպատակն է՝ կերտել ապագան»։