
15 Մայիս 2016-ին տեղի ունեցաւ Հայ Ճեմարանի հիմնադրութեան 85-ամեակի յոբելեան հանդիսութիւնը Գանատա, Քէպէգ նահանգի Լաւալ քաղաքի Էմպիսի Բլազա սրահէն ներս, ներկայութեամբ 100 ճեմարանականներու։
Այս յոբելեան հանդիսութիւնը տեղի պիտի ունենար 2015-ի տարեշրջանին, սակայն 2015-ին Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակի ձեռնարկները չխաչաձեւելու համար, եւ նկատի առնելով գաղութին այլազան ձեռնարկները, Համազգայինի Մոնթրէալի «Սանահին» մասնաճիւղի վարչութեան հետ համագործակցաբար, վարչութիւնս գտաւ որ ամէնէն յարմար թուականը 15 Մայիս 2016-ն էր։
Հանդիսութիւնը սկսաւ Ճեմարանի քայլերգով. ապա բացման խօսքով հանդէս եկաւ Մոնթրէալի Ճեմարանականներու Վարչութեան անդամ Սերժ Եսայեան։ Ան իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ Ճեմարանի հիմնադրութեան, գոյութեան եւ առաքելութեան իբրեւ ուխտավայր հայ լեզուին եւ մշակոյթին. ան նաեւ շեշտը դրաւ ուսման կարեւորութեան վրայ ըսելով. «Ուսումը անկախ իր տուած նիւթական օգուտներէն, մեծ բարիք մըն է մարդուն համար որովհետեւ ան կը չէզոքացնէ մարդուն տգիտութիւնը, մոլորութիւնը եւ որովհետեւ ուսումը լոյս կը սփռէ մարդուն հոգեկան աշխարհին մէջ, կը բարձրացնէ անոր կոպիտ կենդանաբնազդը, ազնուացնելով անոր միտքը, զգացումները, երեւակայութիւնը եւ հոգին։ Ահա թէ ինչու Ճեմարանը Հայ դպրութեան ջահակիրն է»։
Խօսք առաւ Թամար Փօլատեան՝ Համազգայինի Մոնթրէալի «Սանահին» մասնաճիւղի ատենապետուհին, որ յայտնեց թէ Սանահին մասնաճիւղը միշտ նեցուկ կը կանգնի Ճեմարանին։ Ապա Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան Կեդրոնական վարչութեան խօսքը փոխանցեց Վիգէն Թիւֆէնքճեան, Գանատայի շրջանի ներկայացուցիչ։ Ան իր խօսքը սկսաւ Նիկոլ Աղբալեանի արտասանած խօսքով «Շրջապատուած ենք ահաւոր եւ քանդիչ ուժերով։ Հարկ է նոր եւ մոլեռանդ հայութիւն ստեղծել՝ դիմագրաւելու համար այն ուժերը, որոնք ամէն կողմէ կը խուժեն հայը ոչնչացնելու համար։»
Թիւֆէնքճեան անդրադարձաւ Ճեմարանի հիմնադրութեան պատմականին եւ աւելցուց. «Իր 85 տարիներու ընթացքին, Ճեմարանը յաջողեցաւ յառաջացնել հայու այն որակը, որ կը ճանչցուի ճեմարանական մակդիրով։ Ճեմարանականը իր մէջ կը խտացնէ հայ անհատի նկարագրական մը, որ դիւրաւ կը զանազանուի այլ պատկերացումներէ։ Նոյնիսկ մեր առօրեայ խօսակցութիւններուն մէջ, երբ կը գործածենք Ճեմարանական բառը, գիտենք թէ ճիշդ ի՛նչ ըսել կ՚ուզենք, թէ ո՞ր հայու մտապատկերին մասին կը խօսինք։ Այդպէս է եւ ձեր պարագան, սիրելի շրջանաւարտներ, երբ տարբեր սերունդներէ եւ իրարու անծանօթ ճեմարանականներ մէկզմէկու հանդիպիք, դուք ձեր խօսակիցին մէջ անմիջապէս կը ճանչնաք նոյն ձեր դաստիարակութիւնը ստացած մէկ ուրիշը, ձեր իտէալներն ու երազները բաժնեկցող զտարիւն հայ մը»։
Վիգէն Թիւֆէնքճեանի խօսքէն ետք տեղի ունեցաւ ընթրիքի սպասարկութիւն։ Ընթրիքէն ետք պաստառի վրայ ցուցադրուեցաւ Ճեմարանի տնօրէն Տիգրան Ճինպաշեանի ուղերձը Մոնթրէալի ճեմարանականներուն, որմէ ետք տեղի ունեցաւ 1943-էն 1966-ի ճեմարանաւարտներու հաստատագիրներու բաշխում։
Ճեմարանի 85-ամեակի յոբելեան հանդիսութեան կարկանդակը մոմավառութեամբ հատեցին 1943-ի ճեմարանաւարտ՝ Տէր Մելքոնեան Մինասեան Շաքէն, 2012-ի շրջանաւարտ՝ Գլոէ Աճէմեանը եւ Համազգայինի կեդրոնական վարչութեան Գանատայի շրջանի ներկայացուցիչը՝ Վիգէն Թիւֆէնքճեան։
Հանդիսութեան տեղի ունեցաւ նուիրատուութիւն։ Նուիրատուներուն անունները պիտի յայտարարենք հետագային, երբ խոստումները ամբողջանան։
Երեկոն խանդավառեցին երգիչ Սագօ Թաշճեանը եւ իր նուագախումբը՝ ընկերակցութեամբ DJ Կարոյին։
Մոնթրէալի Ճեմարանականներու Վարչութիւն
16 Մայիս, 2016