
«Հորիզոն» շաբաթաթերթ.- Շաբաթ, 17 Մայիս 2025-ին, Մոնթրէալի հայ գաղութը ապրեցաւ յուզիչ ու խանդավառ պահեր։ Արդարեւ՝ Collège Régina Assumpta-ի Marguerite Bourgeoys հանդիսասրահէն ներս տեղի ունեցաւ Համազգային Քեպէգի «Սանահին» մասնաճիւղի «Անի» պարախումբի կրտսերներու «Գարնանային ծաղիկներ» ելոյթը, պարուսոյց Լեւոն Արապեանի գեղարուեստական ղեկավարութեամբ։
Բացման խօսքը կատարեց «Անի» Պարախումբի յանձնախումբի ատենապետուհի Կարին Սարգիսեան։ Ան բարի գալուստ մաղթելէ ետք ներկաներուն, շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնց անձնուէր ճիգերուն շնորհիւ կարելի եղած էր իրականացնել սոյն ելոյթը։ Ան նաեւ երախտագիտութեան խօսք փոխանցեց բոլոր ծնողներուն՝ իրենց վստահութեան եւ համագործակցութեան համար։
Ապա հերթաբար բեմ բարձրացան տարբեր տարիքներու խումբեր (ընդամէնը տասը) ներկայացնելով հայկական գաւառական թէ արդիական զանազան պարեր։ Իւրաքանչիւր խումբ (սկսեալ 5 տարեկանէն) պատրաստած էր երկու պար։ Յաջորդաբար ներկայացուեցան Քոչարի, Ազապի, Թամզարա, Հանինա, Գեղցի, Կոմիտասի շորոր, Իշխանաց պար, Լութքի, Էրզրումի շորոր, Կակաչներ, Գող պար եւ Սասնայ պարերը։
Խիստ հետաքրքրական էր տեսնել իւրաքանչիւր խումբի տարիքին համեմատ ընտրուած պարերն ու գունագեղ տարազները։ Ամենափոքրիկները իրենց մատղաշ տոտիկներու քայլերով ու կլոր թաթիկներու շարժումներով մեծ ուրախութիւն պատճառեցին հոծ բազմութեան։ Խումբերու տարիքները հետզհետէ բարձրանալով յստակօրէն երեւան կու գային իւրաքանչիւրին տարած ժրաջան աշխատանքն ու յառաջացումը։ Շարժումները կը դառնային համեմատաբար աւելի հաւասար ու համաչափ, աշխոյժ քայլերը՝ աւելի կայտառ, իսկ աղջիկներուն նուրբ շարժումները ա՛լ աւելի հեզ ու վայելուչ։
Բոլոր պարողներուն դէմքերէն կը հոսէր հրճուանք ու հպարտութիւն։ Հոն կը ցոլանար ուրախութիւն եւ սէր։ Հո՛ս է որ պէտք է անդրադառնալ «Անի» պարախումբի գեղարուեստական ղեկավար ու պարուսոյց Լեւոն Արապեանի կարեւոր դերին։ Յստակ է, որ պրն. Արապեան ոչ միայն կը փոխանցէ հայկական պարի ցուցմունքներ այս երիտասարդ սերունդին, այլեւ ան ամբողջ նուիրումով կ'արթնցնէ սէրը՝ հայկականին հանդէպ։
Ելոյթի աւարտին խօսք առաւ Համազգային Քեպէգի «Սանահին» մասնաճիւղի ատենապետ Ռուբէն Սարգիսեան՝ շնորհաւորելով յանձնախումբը, որ հսկայական աշխատանք տարած էր բեմ բարձրացնելով 230 փոքրիկ ու պատանի։ Ան նաեւ երախտագիտութեան խօսք յայտնեց կամաւորներու մեծ բանակին (կազմուած մեծ մասամբ «Անի» պարախումբի երէցներու անդամներէն), որ բեմին ետին կ'աշխատէր ի շահ ելոյթին յաջողութեան։ Երեկոն վերջ գտաւ Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տէր Բաբգէն Արք. Չարեանի գնահատական խօսքով ու աղօթքով:
Անհրաժեշտ է անդրադառնալ ու շեշտել, որ Համազգայինի «Անի» պարախումբը լոկ պար ուսուցող հաստատութիւն մը չէ։ Ան ունի շատ աւելի մեծ ու կենսական առաքելութիւն։ Այսպէս՝ երբ հայ փոքրիկը կամ պատանին հայկական տարազ հագած բեմ կը բարձրանայ եւ հայկական երաժշտութիւն լսելով ազգային պար կը պարէ, անոր մտքին ու հոգիին մէջ կը դրոշմուին հայկականութիւն, նուրբ ճաշակ եւ յարգանք՝ որակաւորին ու գեղեցիկին հանդէպ։ «Անի» պարախումբը կ'երաշխաւորէ Մոնթրէալի հայ գաղութին գոյատեւումը՝ պատրաստելով պատասխանատու եւ հայրենասէր հա՛յ երիտասարդներու բանակ մը։
Բոլորի՛ն վարձքը կատար։
Փաթիլ Հարպոյեան