
Համազգայինի Քեպէգի «Սանահին» մասնաճիւղի Կերպարուեստի յանձնախումբին նախաձեռնութեամբ, Կէօնճեան կեդրոնէն ներս, 5,6 եւ 7 Յունիս 2025-ին տեղի ունեցաւ գեղարուեստական ցուցահանդէս մը, նուիրուած մշակութային բազմազանութեան եւ անոր հնարաւոր հեռանկարներուն, «Deversite & Perspective» խորագրով։
Բազմազանութիւնը մեր տարբերութիւններուն ստեղծած գեղեցկութիւնն է, իսկ տեսանկիւնը՝ այն իւրայատուկ ուղին է, որով իւրաքանչիւրս կը դիտէ աշխարհը։ Երկուքն ալ կ՚օգնեն մեզի աւելի լաւ հասկնալու, աւելի խոր զգալու եւ ստեղծելու աւելի հարուստ պատմութիւններ։
Միջոցառումը սկսաւ Համազգայինի Քեպէգի «Սանահին» մասնաճիւղի վարչութեան ողջոյնի խօսքով, ապա ցուցադրուեցան հինգ տաղանդաւոր հայ արուեստագէտներու ստեղծագործութիւնները՝ ուղեկցուած մեկնաբանութիւններով ու դիտարկումներով։
Արուեստագէտները՝ Սիլվա Խաչերեան, Նուշիկ Գատեան, Սիլվի Հասէսեան, Կարինէ Խաչերեան եւ Յասմիկ Սետրակեան, որոնք ծագումով տարբեր երկիրներէ են եւ այսօր հաստատուած են Գանատայի մէջ, իրենց եզակի գործերով արտայայտեցին իրենց մշակութային ինքնութիւնը եւ բազմազանութեան գեղարուեստական ընկալումը։ Ցուցադրուած ստեղծագործութիւնները ոչ միայն հիացուցին այցելուները, այլ նաեւ անդրադարձան ինքնութեան, յիշողութեան, փոխըմբռնման, համերաշխութեան խորքային թեմաներուն, ինչպէս նաեւ՝ հայ կնոջ կերպարին, ամրապնդելով մշակութային կապերն ու անոնց հարստութիւնը։
Ցուցահանդէսը եղաւ հարթակ մը, ուր հանդիպեցան հինգ հայ արուեստագէտներու ճամբաները։ Իւրաքանչիւրը իրեն հետ բերած էր տարբեր մշակոյթէ ծնած փորձառութիւն, եւ այսօր բոլորը միացած էին մէկ ստեղծագործական տարածքի մէջ՝ Գանատայի հողին վրայ։ Այս արուեստական հանդիպումը միաւորեց անոնց բազմազան ժառանգութիւնը՝ ներկայացնելով ճաշակով ընտրուած, ներշնչող անձնական գործեր։ Ան արտացոլեց ապրումներու շերտաւոր հարստութիւնը եւ արուեստի ու մշակոյթի անմիջական կապը։
Ցուցահանդէսը ստեղծեց միջավայր մը, ուր գոյները, պատմութիւնները, յիշողութիւնն ու ինքնութիւնը միաձուլուած էին, դառնալով ստեղծագործ պատմութիւն, ապրող մշակոյթ եւ ազգային հոգիի արտայայտութիւն։
Թամար Ազար