
Հովանաւորութեամբ Համազգայինի Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութեան, Կիրակի, 18 Նոյեմբերին, Հոլիվուտի «Տաղլեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Դաւիթ Քրտեանի խմբագրութեամբ «Մոռցուած հացը» գիրքին գինեձօնը:
Օրուան հանդիսավար, լրագրող-գրագէտ Մարք Արաքս նախ մեծապէս գնահատեց հրատարակուած հատորը, անոր հեղինակը եւ կազմակերպիչ միութիւնը: Ան շեշտեց, թէ հատորին մէջ տեղ գտած գրագէտները իրենց գործերուն ընդմէջէն կը ներկայացնեն մարդկային տառապանքի պատմութիւնը՝ միաժամանակ ներկայացնելով Միացեալ Նահանգներու մէջ նոր կեանք մը հաստատելու մաքառումները: Անդրադառնալով գրագէտ Դաւիթ Քրտեանի վաստակին՝ ան պարզեց, թէ Քրտեան ծաղկաքաղի գրագէտներու առաջին սերունդի ներկայացուցիչներէն մէկն է, որ 40 տարիէ ի վեր արտադրած է մօտաւորապէս 30 հատոր գրականութիւն՝ բանաստեղծութիւն, վէպ, յուշեր եւ մանկական գիրքեր: Քրտեան իր այս գործով կը ներկայացնէր հայ ժողովուրդի առաջին փորձառութիւնները նոր աշխարհի մէջ՝ Ռէյսին, Ուիսքանսըն, Ուոթըրթաուն եւ այլն: Համազգայինի Շրջանային վարչութեան անունով Վիգէն Եագուպեան շեշտեց, թէ Համազգայինի մեծ ընտանիքին համար մեծ ուրախութիւն է հովանաւորել այս ձեռնարկը, մանաւանդ՝ այն եզակի հանգամանքին համար, որ այս հատորին մէջ առաջին անգամ ըլլալով մէկտեղուած են ամերիկահայ առաջին սերունդին գրական գործերը՝ ըլլան անոնք արձակ կամ բանաստեղծութիւն: Ան հաստատեց, թէ տարիներ շարունակ ննջող գանձեր զարթնած են Քրտեանի արձակած լոյսին շնորհիւ, որ ներկայացուցած է հաւաքածոյ մը, որուն բովանդակ էջերը պիտի գան իրենց արդար տեղը գրաւելու միջազգային գրականութեան բեմին վրայ: Անդրադառնալով Համազգայինին՝ ան յիշեցուց, թէ մշակութային եւ կրթական 80ամեայ պանծալի այս կազմակերպութիւնը անգամ մը եւս կու գայ հարազատօրէն վերահաստատելու իր յանձնառութիւնը՝ պահպանելու հայ մշակոյթի թանկագին աւանդները եւ սփիւռքեան յարափոփոխ ազգային մշակոյթի ձեւաւորման ճամբուն վրայ, մնալու պատնէշի վրայ իբրեւ մեր ժողովուրդի արժանապատուութեան հաստատման կարեւորագոյն ջահակիրներէն մէկը: Ան յայտարարեց, թէ ձեռնարկին հասոյթը պիտի յատկացուի յատուկ կրթաթոշակներու հաստատման, այն ուսանողներուն եւ անհատներուն համար, որոնք կը գործեն արուեստի զանազան բնագաւառներուն մէջ:
Այնուհետեւ ցուցադրուեցաւ Վիգէն Հապոյեանի կողմէ պատրաստուած տեսաերիզը, որ կը բովանդակէր հեղինակներու նկարները, նաեւ՝ ամերիկահայ անգլիագիր գրողներուն այս առիթով կատարած արտայայտութիւնները: Ապա բեմ հրաւիրուեցան տարբեր սերունդներու պատկանող հայ երեք արուեստագէտներ՝ բեմագրող Էրիք Նազարեան, շարժապատկերի արուեստի յայտնի եւ տաղանդաւոր նկարիչ-գծագրիչ Ռաճըր Գուբելեան եւ գրագէտ Արամ Սարոյեան, որոնք կարգով պատասխանեցին հանդիսավար Արաքսի քանի մը հարցումներուն, որոնց ընդմէջէն սրահը առաւել եւս ծանօթացաւ հայ շնորհալի այս արուեստագէտներուն, որոնք իրենց արուեստի մարզին մէջ կատարած աշխատանքն ու արգասիքը դրսեւորեցին: Իր կարգին, գրագէտ Փիթըր Նաճարեան ընթերցումներ կատարեց նոր հատորէն:
Յայտագիրի պաշտօնական բաժինի աւարտին Դաւիթ Քրտեան իր երախտագիտութիւնը յայտնեց ներկաներուն եւ յատկապէս Համազգայինին՝ միաժամանակ կատարելով իր խմբագրած հատորէն քանի մը կարճ ընթերցումներ, որմէ ետք ձեռնարկի կազմակերպիչ յանձնախումբին անունով Մանիշակ Մարգարեան յատուկ գնահատագիրով մը պատուեց զայն: