Կազմակերպութեամբ «Բագին» գրական հանդէսին, Չորեքշաբթի, 15 Յունիս 2011-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, «Բագին»ի խմբագրատան մէջ տեղի ունեցաւ ընթերցման հանդիպում` նուիրուած «Բագին»ի խմբագիր Յակոբ Պալեանի «Ինքնութիւն, որակ, մշակոյթ եւ վերականգնում» հատորին:
Գիրքը, որ արժանացած է «Գէորգ Մելիտինեցի» գրական մրցանակին, բաժնուած է երկու մասերու. առաջինը` «Ազգի ինքնութիւնը գումարն է հիմնարար արժէքներու», երկրորդ` «Իրաւ վերականգնումի պորտաքար` հայ մշակոյթը»:
Հանդիսութեան բարի գալուստի խօսքը արտասանեց «Բագին»ի փոխխմբագիր Սեդա Գրիգորեան, որմէ ետք գիրքը ներկայացուց դոկտ. Սեդա Քիլեճեան:
Հաստատելով Յակոբ Պալեանին մտածումները` Քիլեճեան նշեց, որ ինքնութիւնը առանց մշակոյթի չի կերտուիր, եւ հայ անհատը պէտք է ծանօթանայ այլ մշակոյթներուն, բայց լաւապէս պէտք է ըմբռնէ ազգայինը: Քիլեճեան ըսաւ, որ Պալեան մտահոգութիւնները մատնանշելու կողքին նաեւ ներկայացուցած է առաջարկներ եւ լուծումներ, որոնք ղեկավարութիւններուն կողմէ պէտք է քննութեան առարկայ դառնան:
Դոկտ. Սեդա Քիլեճեան աւելցուց, որ հայ լեզուն վտանգուած է, քանի որ սկսած ենք դադրիլ հպարտանալէ մեր լեզուով, ինչ որ ցաւալի երեւոյթ է: Ան ըսաւ, որ Պալեան իր գրութիւններուն մէջ յաճախ հնչեցուցած է հայրենիքի եւ լեզուի ու մշակոյթի միասնութեան ահազանգը, որ լսելի չէ դարձած: Քիլեճեան նշեց, որ հեղինակը տարբեր ժամանակներու ընթացքին միեւնոյն հարցերը կը քննարկէ, որպէսզի հասնի լուծումներու: Ան նաեւ անդրադարձաւ Պալեանի գրութիւններուն բովանդակութեան եւ բաժիններուն` հայոց լեզուի պահպանման դէմ ծառացած վտանգին, ինքնութեան հարցերուն,
ընթերցանութեան նահանջին եւ այլ խնդիրներու:
Ապա խօսք առաւ «Ինքնութիւն, որակ, մշակոյթ եւ վերականգնում» հատորի հեղինակ Յակոբ Պալեան, որ հաստատեց, որ հայութիւնը օրէ-օր կը կորսնցնէ իր ոգին եւ մեր դպրոցներու հարցը լուրջ քննութեան առարկայ չի դառնար: Ան ըսաւ, որ հայ դպրոցներուն առաքելութիւնը պետական քննութիւններու յաջողութիւններուն տոկոսը չէ, այլ` ազգային դաստիարակութիւնը: Պալեան նաեւ նշեց, որ ժողովուրդ կարելի չէ առաջնորդել առանց հեռանկարի եւ գաղափարախօսութեան:
Հայ ազգային կեանքը յուզող յոռի երեւոյթներուն անդրադառնալէ ետք Պալեան ըսաւ, որ այս բոլոր խնդիրներուն բեմը պէտք է հանդիսանայ մեր մամուլը:
Ապա ներկաները հեղինակին եւ գիրքը ներկայացնողին հետ ունեցան մտերիմ զրոյց մը, որուն ընթացքին քննարկուեցան շարք մը ազգային հարցեր: