
Չորեշաբթի, 22 Հոկտեմբեր 2014, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, «Բագին» գրական հանդէսին կազմակերպութեամբ գրական հանդիպում մը տեղի ունեցաւ «Բագին»-ի խմբագրատան մէջ, ուր ներկայացուեցաւ Յակոբ Պալեանի «Մարդը ժամանակին հետ (պատմուածքներ ու ապրումներ)» լոյս տեսած գիրքը` ներկայութեամբ գրականասէր եւ մտաւորական սեղմ շրջանակի մը:
Բարի գալուստի խօսք արտասանեց Նորա Բարսեղեան, որ նշեց, թէ Յակոբ Պալեանի արտադրողականութիւնը անոր տաղանդէն անկախ ու անկէ անդին անոր ժրաջանութիւնն է, հետեւողականութիւնը, նաեւ` հայ գիր ու գրականութեան յարատեւումը ապահովելու տենչն ու տագնապը, որոնք Պալեանի էութեան մէջ կը վերածուին գրական պատկերներու, գրականութիւն հարստացնող հատորներու: Ապա հրաւիրեց լսելու Կարօ Աբրահամեանը, որուն միտքերն ու ապրումները ծնունդն են անոր եւ Յակոբ Պալեանի մտերմութեան արտացոլումին: