Բագին
Համացանցային «գրատարածման եւ գրականութեան» ընդհանրացման առընթեր, մշակութային եւ յատկապէս գրական շրջանակներու արծարծած հրատապ հարցերէն մէկն է գրասիրութեան եւ ընթերցանութեան ոչ նախանձելի իրավիճակը:
Այս հարցը սեղանի վրայ դրուեցաւ Չորեքշաբթի, 11 Սեպտեմբեր 2013-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, երբ «Բագին» գրական հանդէսի ընթերցող մտաւորականներ, գրասէրներ եւ մշակութասէր դէմքեր համախմբուած էին «Բագին»-ի ժողովասրահը` «Շաղզոյեան» կեդրոն: