
Հինգշաբթի, 11 Ապրիլ 2019-ին, երեկոյեան ժամը 7:30-ին, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ մամլոյ 150-րդ լսարանը, որուն նիւթն էր «Յակոբ Օշականի փոքր արձակը»: Նիւթը ներկայացուց Երեւանի պետական համալսարանի հայ նորագոյն գրականութեան ամպիոնի դասախօս Մարինէ Ղազարեան:
Բացման խօսքը արտասանեց «Ազդակ»-ի պատասխանատու խմբագիրներէն Ժագ Յակոբեան, որ իր խօսքը սկսաւ նշելով, թէ այս լսարանը արդէն «Ազդակ»-ի 150-րդ լսարանն է: Ան ակնարկով մը վերյիշեց «Ազդակ»-ի 150 լսարաններուն նիւթերը, որոնք շօշափեցին եւ քննարկումի առարկայ դարձուցին մեր հայկական կեանքը յուզող իւրաքանչիւր հարց: Ան ընդգծեց անցնող 150 լսարաններուն կարեւորութիւնը` նշելով, որ անոր դասախօսները եւ ներկաները առիթը ունեցան միտքերու աշխուժ փոխանակում կատարելու: Ժագ Յակոբեան եզրափակեց իր խօսքը ըսելով, թէ իրենց փափաքն է, որ այս հարթակը շարունակէ մնալ լիբանանահայութեան մտաւորական կեանքի շարժիչ գործօններէն մէկը:
Օրուան դասախօս Մարինէ Ղազարեան ողջունելէ ետք ներկաները շնորհակալութիւն յայտնեց «Ազդակ»-ի, Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան եւ բոլոր անոնց, որոնք աջակցած են իրեն այսպիսի գործի մը իրագործման մէջ: Ան նշեց, որ «Յակոբ Օշականի փոքր արձակ»-ը զեկուցումին նիւթը նուիրուած է Յակոբ Օշականի մօտ հոգեւորի եւ բնազդայինի միացումին` շեշտելով, թէ ինք կ՛ուսումնասիրէ ոչ թէ Յակոբ Օշականի վէպերը, այլ` անոր վիպակները եւ պատմուածքները: Ղազարեան նշեց, որ հայ մեծանուն գրագէտ եւ քննադատ Յակոբ Օշականի արուեստը ունի կեանքի լայն ընդգրկում եւ գեղագիտական սկզբունքներ, որոնք հիմնուած են այն գաղափարին վրայ, թէ գրել կը նշանակէ կեանք հիւսել: