Մանկավարժ-Հայերէնագէտ ուսուցիչներ պատրաստելու համար իր հաստատած կրթական ծրագրին գործադրութեան ծիրէն ներս, Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութիւնը կը շարունակէ դիմումնագիրներ ընդունիլ Սփիւռքէն: Ենթակաները իրենց բնակած երկրին մէջ նախ պիտի հետեւին մանկավարժական (education & teaching diploma) դասընթացքներուն ստանալով Պսակաւոր Արուեստից վկայական (BA) որմէ ետք Հայաստանի մէջ պիտի շարունակեն իրենց ուսումը մասնագիտանալով Հայերէնագիտական մարզի մէջ: Կ՚ընդունուին նաեւ ուսանողներ, որոնք իրենց ուսումը կը փափաքին շարունակել ԵՊՀ-ի հայերէնագիտական ամպիոնի մէջ մագիստրոսի երկամեայ Ծրագիրով։ Թեկնածուները պարտին ունենալ մանկավարժութեան, հոգեբանութեան կամ գրականութեան BA վկայականներ։
Ուսումնառութեան ամբողջական ծախսերը կը ստանձնէ Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութիւնը:
Դիմումնագիրները Համազգայինի գրասենեակ կարելի է ուղարկել central@hamazkayin.com հասցէին: