31 Օգոստոսին նախաստորագրուած Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւնները կարգաւորել յաւակնող արձանագրութիւնները ցնցումի եւ յուսաբեկումի ալիք առաջացուցին սփիւռքահայ գաղութներուն եւ Հայաստանի մէջ: Կարելի չէ լուռ անցնիլ առաջարկուող այս պարտուողական համաձայնագրին դիմաց:
Անընդունելի է ցեղասպանութեան իրողութիւնը վիճարկումի նիւթի վերածելը: Ցեղասպանութեան իրողութիւնը վիճարկումի նիւթի վերածել կը նշանակէ այդ իրողութիւնը հարցականի դիմաց դնել: Կը նշանակէ հրաժարիլ ճանաչումի պայքարէն, հրաժարիլ միջազգային արդարադատութեան դռները բախելէ, հրաժարիլ հատուցում պահանջելէ:
Անընդունելի է նման արձանագրութեանց մէջ յիշել պետութիւններու տարածքային անձեռնմխելութեան սկզբունքը եւ չյիշել ազգերու ինքնորոշման իրաւունքը: Չյիշել ազգերու ինքնորոշման իրաւունքը կը նշանակէ նահանջել Արցախի ազատագրութեան պայքարի մեր դիրքերէն:
Անընդունելի է արձանագրութիւններուն մէջ անտեղի կերպով շեշտուող ճանաչումը Թուրքիոյ սահմաններուն: Շեշտուող ճանաչում մը, որ մեծ հարուած կը հասցնէ Հայ Դատի աշխատանքներուն եւ գրաւեալ Արեւմտահայաստանի հողերու պահանջատիրութեան պայքարին:
Ահա այս պատճառներով անընդունելի եւ դատապարտելի կը գտնենք այս արձանագրութիւնները եւ Համազգայինի կառոյցներուն եւ շարքերուն անունով կը պահանջենք անոնց հիմնական վերանայումը:
ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆ-ի
ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ
Պէյրութ, 01 Հոկտեմբեր 2009