![](https://hamazkayin.com/wp-content/uploads/2018/09/hagh18-1024x701.jpg)
Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութիւնը Համազգայինի 90-ամեակի առիթով պատրաստուած յատուկ յուշանուէրներ յանձնեց ՀՀ Առաջին Հանրապետութեան Ա. վարչապետ Յովհաննէս Քաջազնունիի ծոռան՝ Տիկ. Քսենիա Օրլովային եւ ՀՀ Ա. Հանրապետութեան երրորդ վարչապետ, Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան (օրին՝ ընկերակցութեան) հիմնադիր՝ Համօ Օհանջանեանի թոռան՝ Տիկ. Էլիզավետա Օհանջանեան-Մեհրապեանին:
Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութիւնը յուշանուէրներ յանձնեց նաեւ Նայիրի բառարաններու գաղափարը մտայղացող եւ զայն իրագործող, ֆորումական (2001) Սէրուժ Ուրիշեանին, եւ այս վերջինին ձեռամբ՝ Հարօ Մհերեանին (ԱՄՆ)՝ «HySpell» հայերէն ուղղագրիչ ծրագրի ստեղծման եւ իրագործման համար: Երկու երիտասարդներուն նախաձեռնութիւնները յոյժ գնահատելի են եւ անհրաժեշտ՝ հայապահպանման սպառնացող ներկայ մարտահրաւէրները յաղթահարելու համար:
Թեհրանի Հայ Մշակութային Արարատ Կազմակերպութեան նախագահ Գէորգ Վարդանեան Համազգայինի 90-ամեակի առիթով շնորհաւորեց Համազգայինի ողջ ընտանիքը Արարատի Կեդրոնական Վարչութեան անունով եւ յուշանուէր յանձնեց Համազգայինին։
Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութիւն
12 Սեպտեմբեր, 2018, Երեւան