Եւրոպա
Շրջանային Վարչութիւններ

Հովանաւորութեամբ Աթէնքի արուարձաններէն Վուլա շրջանի քաղաքապետական երգչախումբին եւ համագործակցութեամբ Յունաստանի Համազգային Կրթական եւ Մշակութային Միութեան Շրջանային Վարչութեան, Շաբաթ-Կիրակի 7-8 Նոյեմբեր 2015-ին, առաւօտեան ժամը 10-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 10, Վուլայի քաղաքապետութեան Մշակութային կեդրոնին մէջ, տեղի ունեցաւ յունահայ արուեստագէտ Գրիգոր Նարինեանի վերջին տասնամեակներու աւելի քան 120 պաստառներու եւ մօտ 100 փայտագործ ձեռարուեստ ստեղծագործութիւններու ցուցահանդէսը, որ կը շարունակուի Շաբաթ-Կիրակի 14-15 Նոյեմբերի շաբաթավերջն ալ։