Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան Յունաստանի 26-րդ Ներկայացուցչական ժողովը տեղի ունեցաւ Կիրակի, 3 Դեկտեմբեր 2023-ին, Ֆիքսի «Արամ Մանուկեան» ակումբի «Թագւոր եւ Ռոզա Աւետիքեան» սրահէն ներս։
Իրաւասու եւ խորհրդակցական ձայնով ժողովին մասնակից էին Շրջանային վարչութեան, Թեսաղոնիկէի, Սերեսի եւ Ատիկէի մասնաճիւղերու, Պարի միաւորի եւ Թատերական յանձնախումբի անդամները։ Ներկայ էին նաեւ Համազգայինի «Յակոբ Փափազեան» երգչախումբի խմբավար Մկրտիչ Գրիգորեան, պարուսոյցներ Էտկար Էկեան ու Աննա Պօղոսեան, ինչպէս նաեւ «Արշաւիր Գազանճեան» թատերախումբի բեմադրիչ Յակոբ Պարսամեան։
Բացումը կատարեց շրջանաւարտ Շրջանային վարչութեան ատենապետուհի Յուլիանա Մանուկեան։ Յաջորդեց մէկ վայրկեանի յոտնկայս լռութիւն ի յիշատակ Համազգայինի անդարձ մեկնողներու, որ շրջանս վերջերս գուժեց՝ վաստակաւոր անդամներուն՝ Սթաւրոս Ապարեանի, Յակոբ Սէֆէրեանի, Միքայէլ Տիլսիզեանի, մշակութասէր Յակոբ Ճէլալեանի, վաղեմի երգչախումբի խմբավար Տէր Հրայր քհնյ. Նիկոլեանի եւ օփերայի հռչակաւոր սոփրանօ Ծաղիկ Գազանճեանի։
Ապա, ողջոյնի խօսքով հանդէս եկան Հ.Յ.Դ. Կ.Կ.-ի ներկայացուցիչ Հռիփսիմէ Յարութիւնեան եւ Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան կողմէ Եւրոպայի ներկայացուցիչ Յասմիկ Շահինեան։
Ժողովականներուն համար պատրաստուած էր յատուկ թղթածրար, որ կը ներառէր տարեշրջանի տեղեկագիրը, Ներկայացուցչական ժողովի օրակարգը եւ աշխատանքներու ընթացքի ժամանակացոյցը:
Մանրամասնութիւնները կարդալ այստեղ: