
Կիրակի, 30 Նոյեմբեր 2025-ի առաւօտեան, Ֆիքսի «Արամ Մանուկեան» ակումբի «Թագւոր եւ Ռոզա Աւետիքեան» սրահին մէջ գումարուեցաւ Յունաստանի Համազգայինի 27-րդ Ներկայացուցչական Ժողովի բացումը։ Մէկ օրուան մէջ, պատգամաւորներ եւ հրաւիրեալներ, մեծամասնութեամբ երիտասարդներ, քննարկեցին միութեան երկամեայ գործունէութիւնը եւ ծրագրեցին յաջորդ երկամեակի քայլերը։
Ժողովի աշխատանքային ընթացքը սկսաւ դիւանի ընտրութեամբ. Նախագահ ընտրուեցաւ Անդրանիկ Շահպազեան եւ քարտուղար՝ Անի Արտումեան։
