Համազգայինի Սեւան պարախումբի զոյգ յաջող ելոյթներէն ետք, Սեւան պարախումբի պատասխանատու մարմնի եւ Սեւան մասնաճիւղի վարչութեան նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցան վերոյիշեալ զոյգ երեկոյթները:
Ուրբաթ 14 Դեկտեմբերի երեկոյեան, Բանոյեան Կեդրոնի սրահը լիովին լեցուն էր պարախումբի եւ յանձնախումբերու անդամներով, ծնողներով, ինչպէս նաեւ Համազգայինի Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչներով: Բացառիկ ընտանեկան ջերմ ու մտերմիկ մթնոլորտ կը տիրէր. երեկոյթը կազմակերպող յանձնախումբը ներկաներուն սպասարկեց աղանդեր եւ ճաշ: Բոլորին տրամադրութիւնը բարձր էր:
Վարչութեան ատենապետուհի Մարկօ Գասպարեան եւ պարախումբի պատասխանատու Կիրակոս Պաքալեան խօսք առին եւ հրաւիրեցին շրջանի երկու վեթերան ընկերներ Ռաֆայէլ Յակոբեան եւ Բարունակ Մանուկեան, որոնք շրջանիս մէջ չորս տասնամեակներէ ի վեր անխոնջ եւ անսակարկ ծառայած են ու կը շարունակեն ծառայել. այս վերջիններուն ձեռամբ յատուկ յուշանուէրներ յանձնուեցան պարախումբի բոլոր անդամներուն, ինչպէս նաեւ պարախումբի զոյգ ձեռնարկներուն իրենց մասնակցութիւնը բերած յանձնախումբի անդամներուն: Յուշանուէրներու կողքին, իւրաքանչիւրին տրուեցաւ պարախումբի երկրորդ ելոյթի տեսաերիզէն օրինակ մը:
Երեկոյթը երգերով ու պարերով շարունակուեցաւ հաճելի ու խանդավառ մթնոլորտի մէջ, մինչեւ առաւօտեան կանուխ ժամերը, եւ ներկաները սրահէն մեկնեցան բարձր տրամադրութեամբ:
Կիրակի 23 Դեկկտեմբերի երեկոյեան տեղի ունեցաւ խրախճանք գնահատանքի երեկոյ մը, նախաձեռնութեամբ Համազգայինի Սեւան մասնաճիւղի վարչութեան եւ Բանոյեան Կեդրոնի խնամակալութեան:
Հրաւիրուած էին Փափազեան շաբաթօրեայ վարժարանի ուսուցչական կազմը, ծնողաց յանձնախումբի եւ ընթացիկ տարուան ընթացքին զանազան ձեռնարկներու իրենց մասնակցութիւնը բերած բոլոր յանձնախումբերու անդամները անխտիր. երեկոյթին ներկայ էին նաեւ Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչները:
Կազմակերպիչ յանձնախումբի անդամները ներկաներուն սպասարկեցին աղանդեր եւ ճաշ: Երեկոյթի ընթացքին խօսք առաւ վարչութեան ատենապետուհի Մարկօ Գասպարեանը: Ան դրուատեց ու գնահատեց շաբաթօրեայ վարժարանի տնօրէնը, ուսուցչական կազմը եւ ծնողաց յանձնախումբի անդամները, ինչպէս նաեւ ընթացիկ տարուան ընթացքին տեղի ունեցած ձեռնարկներու բոլոր յանձնախումբերու անդամները, որոնք անսակարկ նուիրումով իրենց առաւելագոյնը տուին ի նպաստ շրջանի փոքրերուն, պատանի-պարմանուհիներուն, յատկապէս արեւմտեան շրջանի հայութեան:
Ուրախ մթնոլորտի մէջ երեկոյթը շարունակուեցաւ մինչեւ ուշ գիշեր: Ներկաները մեկնեցան բարձր տրամադրութեամբ եւ հոգեկան գոհունակութեամբ: