
Հովանաւորութեամբ Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան եւ գործակցութեամբ Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան ու «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբի վարչութեան, Չորեքշաբթի, 27 Սեպտեմբեր 2017-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ տեղի ունեցաւ յատուկ ձեռնարկ մը, նուիրուած` վաստակաւոր բեմադրիչ, դերուսոյց, թարգմանիչ եւ դերասան Ժորժ Սարգիսեանի մահուան 35-ամեակին:
Խուռներամ բազմութեան ներկայութեան եւ բացառիկ կարգապահութեամբ կազմակերպուած այս ձեռնարկին հանդիսավարն էր Մարալ Մխսեան, որ ողջունելով ներկաները թուեց յայտագիրին գլխաւոր մասերը: «Այսօր կը յիշենք մարդ մը, որ զոհողութեամբ իր առաւելագոյնը տուաւ լիբանանահայ թատրոնին եւ անջնջելի հետք ձգեց Համազգայինի, լիբանանահայ եւ սփիւռքահայ թատերական կեանքին մէջ», հաստատեց Մարալ Մխսեան` նշելով, որ ձեռնարկը յատկացուած է նաեւ Ժորժ Սարգիսեանի թարգմանական ամբողջական արգասիքի շնորհահանդէսին: Այս առիթով ան ձեռնարկին կազմակերպիչ մարմինին անունով շնորհակալութիւն յայտնեց օրուան բանախօսներուն` Արա Արծրունիին եւ Կարօ Յովհաննէսեանին, տեսերիզը պատրաստած Վարդան Մկրտիչեանին, Վիգէն Ստեփանեանին, Գուրգէն Փափազեանին, Արմէն Ապտալեանին, «Ազդակ» օրաթերթին եւ «Վանայ ձայն»-ին: