
«Ազդակ» օրաթերթ.- Այս օրերուն, երբ բովանդակ ազգն ու հայրենիքը կը դիմագրաւեն դժնդակ պայմաններ, երբ կը տիրէ համատարած յուսախաբութիւն` բոլորիս ծանօթ պատճառներով, երբ մտահոգութիւնը շատերուն պատած է նոյնիսկ ապագայի նկատմամբ, սակայն անդին, բարեբախտաբար, լոյսի նշոյլ մը, կայծ մը, աքթ մը, ձեռնարկ մը բաւարար է վերալիցքաւորելու նոյն այդ հոգեվիճակին մէջ գտնուող հաւաքականութիւն մը:
Ահա այդ պահերէն մէկը հանդիսացաւ Մարսէյի Համազգայինի դպրոցին կազմակերպած գրական երեկոն` ի յիշատակ Հայոց ցեղասպանութեան նահատակներուն: Քսանհինգ նախկին ու ներկայ աշակերտներէ բաղկացած խումբ մը յաջող մեկնաբանութեամբ մատուցեց գրական գոհարներ: Պարոյր Սեւակ, Դանիէլ Վարուժան, Սիամանթօ, Համաստեղ, Գէորգ Էմին, Մուշեղ Իշխան, Վահէ Օշական, Վեհանուշ Թէքեան հնչեցին հարազատօրէն, վեհօրէն, սրտակից:
Ուղղակի ոգեւորիչ էր նաեւ Արշաւիր Շիրակեանի «Կտակն էր նահատակներուն» հատորէն Սայիտ Հալիմ փաշայի ահաբեկման հատուածի ընթերցումը: