![](https://hamazkayin.com/wp-content/uploads/2018/10/default.jpg)
Կիրակի, 17 փետրուարին, Կլենտէյլի «Ալեքս» թատերասրահին մէջ ելոյթ ունեցաւ Համազգայինի Հովիտի «Նայիրի» պարախումբը:
Օրուան հանդիսավար Մարալ Վարժապետեան գնահատական խօսքեր ուղղեց պարախումբի երկու ղեկավարներ Քաթրին Հայրապետեանին եւ Արի Լիպարիտեանին, որոնց շնորհիւ, ութերորդ տարին ըլլալով, պարախումբը հայ թէ օտար մշակութասէր հասարակութեան կը ներկայանայ միշտ նորութիւններով, անոնց հրամցնելով հայկական այլազան պարեր: Մասնաճիւղի վարչութեան ատենապետուհի Մարալ Դարբինեան նշեց, թէ Համազգայինի հիմնադրութեան 80-ամեակին առիթով եւ հիմնադիրներու սրբազան առաքելութեան ուխտին հետեւելով՝ «Պարոյր Սեւակ» մասնաճիւղը իր ճամբան կը շարունակէ: Ձեռնարկին ընթացքին ներկայացուեցան նաեւ երգեր, արտասանութիւններ եւ նուագներ: