
Հովանաւորութեամբ՝ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Մակար. Ս. Արք. Աշգարեանի, ելոյթ ունեցաւ Համազգայինի «Վահան նաւասարդեան» Մասնաճիւղի «ՆԱՐԵԿ» երգչախումբը, խմբավարութեամբ` տիար Պերճ երէցեանի: Հանդիսութեան ներկայ էին Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Մակար. Ս. Արք. Աշգարեանը, Հոգեշնորհ Հայր Արմէն Աբղ. Գալաճեանը, Լաթաքիոյ եւ ծովափնեայ հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Վազգէն Ա. Քհնյ. Քէօշկէրեան, Ազգային իշխանութեան ներկայացուցիչներ, Պատկան մարմնի անդամներ, Համազգայինի Սուրիոյ Շրջանային վարչութիւնը ինչպէս նաեւ մարզական, մշակութային բարեսիրական միութիւններու ներկայացուցիչներ:
Ելոյթին ներկայացուեցան հայերէն, արաբերէն եւ օտար լեզուի երգեր:
