
Շաբաթ 20 Մայիս 2017-ի օրը տօնական օր էր Համազգայինի Մարսէյի Ճեմարանին համար: Վարժարանի հայ ուսուցիչները, Մարսէյի Համազգայինի ներկայ վարչութիւնը իր ամբողջական կազմով, նախկին վարչականներ, ծնողներու ներկայացուցիչներ, Համազգայինի Կեդրոնական վարչութենէն պատուիրակութիւն մը եւ Կեդրոնական վարչութեան կողմէ հրաւիրուած զեկուցաբերներ, ընդամէնը՝ 38 հոգի ճշդուած ժամուն ներկայ էին մասնակցելու համար «Մարսէյի Համազգայինի երկլեզու Ճեմարանի դերը ֆրանսահայ գաղութի հայկական դիմագիծի ապագայ հոլովոյթին մէջ» ընդհանուր խորագիրը կրող սեմինարին, որ տեղի ունեցաւ դպրոցի ընդարձակ սրահին մէջ (սեմինարի ենթախորագիրներն էին «Հայեցի դաստիարակութեան խնդիրը» եւ «Համազգայինը». սեմինարի ամբողջական յայտագիրը կցուած է սոյն թղթակցութեան):
Սեմինարի ընթացքին անկախ զեկուցաբերներէն բոլորը առիթը ունեցան արտայայտուելու ներկայացուած խնդիրներուն մասին: Ամբողջ սեմինարի տեւողութեան հայերէնի ուսուցման խնդիրը առաջնահերթութիւն ունէր, մանաւանդ որ Մարսէյի հաստատութիւնը պաշտօնապէս երկլեզու է. այսինքն՝ իւրաքանչիւր աշակերտ ու ծնողք պարտաւոր են երկու լեզուներուն՝ հայերէնին եւ ֆրանսերէնին նոյն կարեւորութիւնը ընծայելու: Անգամ մը եւս շեշտը դրուեցաւ այն իրողութեան վրայ, որ աշակերտութեան մէկ կարեւոր համեմատութեան համար հայերէնը դադրած է մայրենի լեզու ըլլալէ. այդ պատճառով ալ դպրոցէն ներս յաջող կերպով կը կիրարկուին հայերէնի ուսուցման մէկէ աւելի կացութիւններու յարմարող ձեւեր:
Մասնակիցները իրենց գոհունակութիւնը յայտնեցին նաեւ իմանալով Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան եւ աշխարհացրիւ շրջաններու լայնածաւալ գործունէութեան մանրամասնութիւնները:
Երկար խօսուեցաւ վարժարանի ձեռք բերած յաջողութիւններուն, բայց նաեւ՝ դեռ բարելաւման կարօտ մարզերուն մասին: Շեշտը դրուեցաւ այն իրողութեան վրայ, որ դպրոցը իր վայելած համբաւին շնորհիւ այլեւս իւրաքանչիւր վերամուտին կը դրուի ցաւոտ երկընտրանքներու առջեւ: Արդարեւ դիմումները բազմաթիւ ըլլալով տնօրէնութիւնը կը գտնուի մանկավարժական կարգ մը հիմնական սկզբունքներ նկատի չունենալով աշակերտներ ընդունելու եւ կամ այդ սկզբունքները յարգելով՝ ակամայ հայ աշակերտներ մերժելու մղձաւանջային կացութիւններու մէջ: Բոլորը համոզուեցան այս վիճակին յախուռն քայլեր առնելով վերջ մը տալու անհրաժեշտութեան:
Ընդհանուր եզրակացութիւնը եղաւ այն, որ վիճակը գոհացուցիչ ըլլալով հանդերձ տակաւին շատ բան կայ ընելիք գործունէութեան բազմաթիւ մարզերէ ներս. այդ աշխատանքներուն համար մեծ դեր վերապահուած է դպրոցի շրջանաւարտներուն:
Թղթակից
****** ******
Մարսէյի Համազգայինի Ճեմարանի սեմինար
Թուական՝ Շաբաթ, 20 Մայիս 2017
Վայր՝ Մարսէյի Համազգայինի Ճեմարան
Մարսէյի Համազգայինի երկլեզու Ճեմարանի դերը ֆրանսահայ գաղութի հայկական դիմագիծի ապագայ հոլովոյթին մէջ
Ժամանակացոյց
10:00-10:10 Բացում՝ Մկրտիչ Մկրտիչեան
Առաջին նիւթ՝ Հայեցի դաստիարակութեան խնդիրը
Նախագահող՝ Մկրտիչ Մկրտիչեան
10:10-10:25 Հայեցի դաստիարակութիւնը՝ անցեալին եւ ներկայիս
Զեկուցաբեր՝ Յակոբ Պալեան
10:25-10:40 Հայեցի դաստիարակութիւնը. ապագայի հեռանկարներ
Զեկուցաբեր՝ Յասմիկ Շահինեան
10:40-10:55 Հայեցի դաստիարակութիւնը Մարսէյի Ճեմարանէն եւ Թարգմանչաց վարժարանէն ներս. կացութիւն եւ մարտահրաւէրներ
Զեկուցաբերներ՝ Սօսէ Մնակեան եւ Մարալ Քարաօղլանեան (գրաւոր զեկուցման ընթերցում կամ ֆիլմի ցուցադրութիւն)
10:55-11:05 Մարսէյի Ճեմարանի ճառագայթումը Մարսէյի եւ ընդհանրապէս Ֆրանսայի հայկական համայնքին վրայ. դպրոցը կրնա՞յ նպաստել Մարսէյի համայնքի հայկական ինքնութեան գիտակցական ընկալման. ինչպէ՞ս:
Զեկուցաբեր՝ Անուշ Մատիլեան
11:05-11:15 Հայեցի դաստիարակութիւնը Ֆրանսայի եւ ընդհանրապէս Եւրոպայի տարածքին
Զեկուցաբեր՝ Աննա Յովհաննէսեան
11:15-11:25 Ճեմարանի գործունէութեան հաշուեկշիռ. շրջանաւարտներ եւ շրջանաւարտներու միութիւն. ի՞նչ կարելի է ընել աշխուժացնելու համար միութիւնը
Զեկուցաբեր՝ Շաքէ Ժամկոչեան
11:25-11:45 Սուրճի դադար
11:45-13:30 Ընդհանուր քննարկում
Համադրող՝ Մկրտիչ Մկրտիչեան
13:30-14:45 Ճաշի դադար
Երկրորդ նիւթ՝ Համազգայինը
Նախագահող՝ Մկրտիչ Եափուճեան
14:45-15:05 Համազգայինը (հակիրճ պատմութիւն, ներկայ կառոյց, կանոնագիր, առաքելութիւն եւ նպատակ, Համազգայինի գործունէութիւնը մեր օրերուն)
Զեկուցաբեր՝ Մկրտիչ Եափուճեան
15:05-15:20 Մարսէյի Համազգայինի կառոյց. Համազգայինի Պէյրութի եւ Սիտնիի դպրոցներ: Մարսէյի Ճեմարանը ինչքանո՞վ կը ծառայէ Համազգայինի առաքելութեան:
Զեկուցաբեր՝ Մկրտիչ Մկրտիչեան
15:20-15:35 Մարսէյի Համազգայինի Ճեմարանը այսօր
Զեկուցաբեր՝ Սեդա Պիպերեան
15:35-17:15 Հարցումներ. Մարսէյի Համազգայինի կառոյցի եւ Մարսէյի Ճեմարանի հարցերու քննարկում
Համադրող՝ Մկրտիչ Եափուճեան
17:15 Սեմինարի փակում