
Կազմակերպութեամբ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան, Չորեքշաբթի, 3 Դեկտեմբեր 2025-ին, երեկոյեան ժամը 8։00-ին «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Նիկոլ Աղբալեանի ծննդեան 150-ամեակին նուիրուած հանդիսութիւն։
Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան անունով հանդիսութեան բացման խօսքը արտասանեց Սագօ Եագուպեան, որ դիտել տուաւ, թէ մեծանուն ուսուցիչ, մանկավարժ, գրագէտ, խմբագիր եւ պետական ու քաղաքական գործիչ էր Նիկոլ Աղբալեան, որ իր ամբողջ կեանքը ձօնած էր մէկ ճշմարիտ կոչումի՝ հայ ազգին ծառայելուն։ Ան շեշտեց, որ Աղբալեան անբեկանելի նուիրումով կը պաշտպանէր հայ լեզուի գոյատեւման ու զարգացման սրբազան գործը՝ հաւատալով, որ ազգի վերելքը կը սկսի լեզուէն, կրթութենէն եւ միացեալ ոգիէն։
Եագուպեան յայտնեց, որ Համազգային կրթական եւ մշակութային միութիւնը, որուն հիմնադիրներէն եղաւ Աղբալեան 1928 թուականին, այսօր ալ կը շարունակէ իր առաքելութիւնը աշխարհի տարբեր գաղութներուն մէջ՝ իր գաղափարով, իր ոգիով եւ անվերապահ նուիրումով։ Ան աւելցուց, որ այս ձեռնարկը վերապրում մըն է այդ ոգիէն, որ մեզ կը միացնէ` մեր արմատներուն, մեր լեզուին, մեր մշակոյթին եւ մեր պատմական պատասխանատուութեան։
Խօսքի աւարտին Սագօ Եագուպեան հաստատեց. «Նիկոլ Աղբալեան մեզի կը սորվեցնէ, որ մշակոյթը երբեք միայն գիրք չէ, բեմ կամ դասարան մը չէ. մշակոյթը հոգեվիճակ մըն է՝ ապրելու հայ ըլլալու հպարտութեամբ, եւ այսօր, այստեղ, մեր պարտականութիւնն է շարունակել այդ հպարտութիւնը, շարունակել այդ ժառանգութիւնը՝ մեր աշխատանքով, մեր նուիրումով եւ մեր միութեամբ»։
