Կեդրոնական Վարչութիւն

Համազգայինի մանկավարժական արդիական ծրագիրներու մարմինին պատրաստութեամբ լոյս տեսան «Իմ Արցախ» եւ «Իմ Հայաստան» մանկական գունաւորելիք եւ ուսուցողական գրքոյկներըը: Այս գրքոյկներուն շնորհիւ մեր մանուկները կը ծանօթանան Հայաստանին եւ Արցախին, անոնց արժէքներուն եւ կոթողներուն: Նախատեսուած են 4-9 տարեկան մանուկներու համար: Նոր տարուան սեմին լաւագոյն նուէրն է մեր փոքրիկներուն համար:
Ստանալու համար կրնաք դիմել` Համազգայինի գրախանութ, Պուրճ Համուտ, Շաղզոյեան կեդրոն եւ կամ ապսպրել առցանց`
www.lalanouaran.com/shop