Համազգայինի Նիկոսիայի «Օշական» մասնաճիւղը նոր տարեշրջանը սկսաւ Մշակությին Երեկոյով, նուիրուած՝ դէպի Արարատ լեռնագնացութեան մասին Մարալ Ասիլեան-Քէլըրի դասախօսութեան։ Ձեռնարկը տեղի ունեցաւ Ուրբաթ, 20 Հոկտեմբեր 2023-ին շուրջ 35 հոգիի ներկայութեամբ։ Ներկայ էր նաեւ Թեմիս Կաթ․ Փոխանորդ Տ․ Խորէն Արք․ Տողրամաճեանը։
Յայտագիրը բանալով վարչութեան ատենապետ Արթօ Դաւիթեան նշեց, որ Արարատը մեզի՝ հայերուս համար սրբազան լեռ է ու խորհրդանիշ, սակայն Արարատը նաեւ լեռ է, ժայռաբեկոր ու կրանիդ, հող ու սառոյց եւ այս երեկոյ ընկհ․ Մարալ մեզի պիտի պատմէ իր ու զաւկին՝ Գրիգոր Էմմիեանի Արարատ լերան գագաթը բարձրանալու փորձառութեան մասին։
Մարալ Ասիլեան-Քելըր իր նիւթը սկսաւ ներկայացնելով ամիսներու վրայ երկարած մարզանքներն ու պատրաստութիւնները, որոնք անհրաժեշտ էին դիմանալու համար մագլցումի դժուարութիւններուն։ Անդրադառնալէ ետք լեռնագնաց խումբի Երեւան-Արարատ ճամբորդութեան, բանախօսը նկարագրեց ստորոտին կատարուած վերջնական պատրաստութիւնները։
Քիւրտ առաջնորդերուն հետ եւ մագլցումի կանոններուն ծանօթանալէ ետք սկսած է բուն վերելքը, որ կատարուած երեք հանգրուանով։ Նախ բարձրացած են 3100մ մակարդակին ու ապա՝ 4100մ եւ 16 Օգոստոսին վերջնական 5136մ բարձրութեան վրայ գտնուող գագաթը, ուր ընկհ․ Մարալ ծածանած է հայկական Եռագոյն եւ Կիպրոսի դրօշակները։
Խօսքի ընթացքին ցուցադրուեցան ամբողջ գործողութեան ու տեսարաններու բազմաթիւ նկարներ, որոնք ներկաներուն համար առաջին անգամ կը պարզէին Արարատի ժայռերուն եւ ձիւնածածկ գագաթին հետաքրքրական մանրամասնութիւնները։ Ներկայացման կը մասնակցէր նաեւ Գրիգոր Էմմիեանը, որ մասնակիցը դարձած էր իր մօր արկածախնդրութեան։
Ներկաներու բազմաթիւ հարցումներուն պատասխանելէ ետք ընկհ․ Մարալի ելոյթը վերջ գտաւ ներկաներու գնահատական ծափահարութիւններով։ Փակելով երեկոն, Արթօ Դաւիթեան շնորհակալութիւն յայտնեց դասախօսին ու իր գործակիցներուն եւ հրաւիրեց երկու պատանիներ, արտասանելու քերթուածներ, որոնք լաւագոյնս ցոյց կու տային, թէ «Արարատ» ի՛նչ կը նշանակէ մեզի համար։ Կարօտ Քէլէշեան արտասանեց Ա․ Ծառուկեանի «Թուղթ առ Երեւան»էն «Խօսք Արարատին» հատուածը, իսկ Արինէ Մանուկեան արտասանեց Աւ․ Իսահակեանի «Արարատին» քերթուածը։
Երեկոն փակուեցաւ աւանդական «Պատառ ու Գինի»ով, որուն ընթացքին ներկաները շարունակեցին բանախօսին ուղղուած հարցումները եւ իրենց գոհունակութիւնը յայտնեցին երեկոյի մասնակիցներուն եւ կազմակերպիչներուն։