
Հինգշաբթի, 16 Դեկտեմբեր 2021-ին, առցանց բացումը կատարուեցաւ Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին կազմակերպած «Նոր տարի, նոր յոյս» նիւթով հաւաքական ցուցահանդէսին: Ցուցահանդէսին կը մասնակցին Լիբանանէն, Հայաստանէն եւ արտերկրէն 120 վաստակաշատ, ինչպէս նաեւ երիտասարդ տաղանդաւոր արուեստագէտներ:
Համազգայինի ցուցասրահի հիմնադրութեան տասնամեակին առիթով կայանալիք ցուցահանդէսին, որ օրին յետաձգուած էր Լիբանանի դիմագրաւած առողջապահական եւ ընկերային-տնտեսական ճգնաժամին պատճառով, ցուցասրահին հետ գործակցած արուեստագէտները իւրաքանչիւրը մէկ արուեստի գործ նուիրելով իր երախտագիտութիւնը յայտնած էր: Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումէն ետք նաեւ կարգ մը արուեստագէտներ իրենց զօրակցութիւնը յայտնեցին ցուցասրահին եւ տրամադրեցին արուեստի մէկական գործեր: Այս բոլորին հանրագումարը կազմեց 120 արուեստի գործ, եւ այս ցուցահանդէսով անոնք դրուեցան արուեստասէր հանրութեան տրամադրութեան տակ: