Եւրոպա
Երկուշաբթի 23 Մայիս 2016-ին,Փարիզի Հայ Մշակոյթի Տան մէջ,Գրիգոր Պըլտեան ներկայացուց Շաւարշ Միսաքեանի «Տերևներ դեղնած յուշատետրէ մը» գիրքը:
1935-ին, Երկար տարիներու լռութենէ ետք, Միսաքեան կը սկսի գրելու «Յառաջ»ի մէջ Ապրիլ 1915-ի Պոլսոյ մէջ տիրող մթնոլորտին մասին, գաւառներէն եկած լուրերուն, թաքստոցային կեանքին,ապա՝ իր բանտի օրերուն մասին:
Պըլտեան բացատրեց, թէ որքա՛ն դժուար եղած է Միսաքեանի յիշել ու գրել այդ դաժան օրերուն մասին:
Դասախօսը տուաւ լայն տեղեկութիւներ Շաւարշ Միսաքեանի կեանքէն, լրագրական գործունէութենէն եւ անոր կապերէն ժամանակակից գրողներուն հետ: