Սրբոց Թարգմանչաց Վարդապետաց տօնը հայ լեզուին ու դպրութեան, ինչպէս նաեւ հայատառ առաջին գիրքին տօնն է։ Առ այդ, թարգմանչաց սերունդի արժանի ժառանգորդ, սփիւռքի մէջ հայ կրթական եւ մշակութային միութեան` Համազգայինի հիմնադիր Նիկոլ Աղբալեանի անունով կնքուած, Համազգայինի Հալէպի մասնաճիւղի գրական յանձնախումբին կազմակերպութեամբ` Ուրբաթ,11 Հոկտեմբեր 2024-ին, երեկոյեան ժամը 7:30-ին, «Լեւոն Շանթ» սրահէն ներս, Սրբոց Թարգմանչաց տօնի նախօրէին տեղի ունեցաւ հալէպահայ գրագէտ, Համազգայինի հայագիտական հիմնարկի դասախօս, կրթական մշակ եւ մամուլի աշխատակից`Լեւոն Շառոյեանի «Հերկ եւ Բերք» գիրքին շնորհանդէսը։ Գիրքը գրասէր հանրութեան ներկայացուց հրապարակագիր բանասէր`Աւօ Գաթըրճեան։
Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Մակար Ս. Արք. Աշգարեանի հովանաւորութիւնը վայելող հանդիսութեան բեմավարն էր Թամար Գազանճեան։
Յայտագիրը սկիզբ առաւ բացման խօսքով, զոր արտասանեց «Ն. Աղբալեան» մասնաճիւղի վարչութեան ատենապետ՝ Սեւան Ազարիկեան։ Ներկաները հետեւեցան հեղինակին գործերն ու աշխատութիւնները ծանօթացնող տեսերիզի, ընթերցանութեամբ`Գարօլին Քիւրքլեանի։
Գեղարուեստական բաժինով հանդէս եկաւ Բիւզանդ Պէպէճեան, ընկերակցութեամբ` Յակոբ Քիւրքճեանի (երգեհոն) եւ Արգինա Շէօհմէլեանի, որոնք յաջորդաբար ներկայացուցին «Որք Զարդարեցին» շարականն ու «Մնանք Հայ» մեներգները։
«Հերկ եւ Բերք» գիրքը ներկայացուց Աւօ Գաթըրճեան, որ գեղեցիկ ու հակիրճ ձեւով ներկաները ծանօթացուց գիրքի բովանդակութեան եւ բաժիններուն, ապա անոր մասին գրական վերլուծականներ եւ մատնանշումներ կատարեց։
Գիրքի հեղինակ Լեւոն Շառոյեան իր սրտի խօսքը արտասանեց եւ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք այս ձեռնարկը յաջողութեամբ պսակեցին։
Իր պատգամին մէջ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը անդրադարձաւ Թարգմանչաց տօնի խորհուրդին եւ քաջալերեց ներկաները մաղթելով, որ կառչած մնան հայ լեզուին եւ գրականութեան։ Աւարտին տեղի ունեցաւ նորատիպ հատորին գինեձօնը եւ կոկիկ հիւրասիրութիւն։