
Հովանաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ խորհրդարանի նախկին փոխնախագահ Էլի Ֆըրզլիի, կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան, Երկուշաբթի, 18 Մայիս 2015-ի երեկոյեան ժամը 7:30-ին, Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին մէջ տեղի ունեցաւ լիբանանցի բանաստեղծ Հատի Մրատի «Արման Ահիաա» («Ապրող հայեր») խորագրեալ գիրքին շնորհահանդէսը:
Լիբանանեան եւ հայկական քայլերգներու յոտնկայս ունկնդրութենէն ետք, Նուրհան Մորսիլ ներկաները հրաւիրեց մէկ վայրկեան յոտնկայս յարգելու Հայոց ցեղասպանութեան մէկուկէս միլիոն նահատակներու յիշատակը: Մորսիլ իր ողջոյնի խօսքին մէջ խոր դրուատիքով ներկայացուց գիրքին հեղինակը` երիտասարդ բանաստեղծ, բժշկական ուսանող Հատի Մրատը: Ան մերթ ընթ մերթ ներկայացուց օրուան խօսք առնող հիւրերը` ծանօթացման անհրաժեշտ տեղեկութիւններու վերյիշումով:
Նախ եւ առաջ խօսք առաւ լիբանանցի ծանօթ մտաւորական, բանաստեղծ Հապիպ Եունես: Ան յայտնեց, որ հայերու ապրած հարիւրամեայ արհաւիրքը իր բոլոր դառնութիւններով բանաստեղծ Հատի Մրատ ամփոփած է իր գիրքին մէջ: Ան նշեց, որ այդ մէկը կարելի եղած էր, որովհետեւ երիտասարդ բանաստեղծը անձամբ տեսակցած, լսած, սիրած ու բաժնեկցած է վերապրողներու ցաւը: «Այս վկայութիւնը պիտի չլռէ, որովհետեւ անիկա լռութեան սատանայ չէ», ընդգծեց Եունես` «օսմանցի» բառը որակելով իբրեւ տգեղագոյն մակդիր: Ան շնորհաւորեց 22-ամեայ խոստմնալից երիտասարդ բանաստեղծ Հատի Մրատը` զայն «ազնիւ ասպետ» կոչելով: