
Կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան տնօրէնութեան եւ գործակցաբար «Ազդակ» օրաթերթին, Երկուշաբթի, 13 Յուլիս 2020-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ շնորհահանդէսը «Նիւթեր ՀՅ Դաշնակցութեան պատմութեան համար» ԺԳ. հատորին` խմբագրութեամբ պատմաբան Երուանդ Փամպուքեանի:
Ձեռնարկին բացումը կատարեց Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան տնօրէն Յակոբ Հաւաթեան, որ դիտել տուաւ, թէ ներկայ ժամանակներուն, երբ շատ բան կը խօսուի ու կը գրուի Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան անցեալին մասին, «Երբ կամայ թէ ակամայ մարդիկ իրենց քաղաքական հաշուարկներու ոլորապտոյտին մէջ ու յատկապէս Դաշնակցութեան հայաստանեան քաղաքականութեան իրենց կատարած մակերեսային արժեւորումներու ընթացքին չեն վարանիր նաեւ խնդրոյ առարկայ դարձնել Դաշնակցութեան 130-ամեայ պատմութիւնը, կատարած գործն ու համազգային պատմադրոշմ դերակատարութիւնը, պատմագիտական վաւերականութիւն ու խորքային արժէք ներկայացնող նման աշխատանքներ մեծագոյն պատասխանն է բոլորին եւ մանաւանդ այդ զանգուածին, որ միշտ հետաքրքրուած է իմանալու ՀՅԴ-ի գոյերթին եւ լինելինութեան գաղտնիքը:
Ան յայտնեց, որ ներկայ գործը բաղկացած է 448 էջերէ` 1916-17-18 տարիներուն մասին: Ապա ան թուեց հատորին բովանդակութեան գլխաւոր նիւթերը` «Հիմնարար դերակատարութիւն» որակելով արծարծուած շրջանին դաշնակցութեան գործունէութիւնը: «ՀՅԴ Բիւրոյի նախաձեռնութիւնը հանդիսացող այս աշխատանքին իրականացման մէջ իր վճռորոշ դերակատարութիւնը ունի պատմաբան, դաշնակցական վաստակաշատ գործիչ եւ իրերայաջորդ սերունդներու դաստիարակ Երուանդ Փամպուքեան, հաստատեց Հաւաթեան` Փամպուքեանը որակելով շրջուն համայնագիտարան, «որուն աշխատանքային թափն ու կորովը վարակիչ է ու յարգանք պարտադրող` ոչ միայն դաշնակցականին ու դաշնակցութեան բարեկամին, ոչ միայն հայրենի ակադեմական շրջանակներուն, այլեւ նոյնիսկ հակադաշնակցական հատուածին»: