Համազգայինի «Ն. Աղբալեան» մասնաճիւղի «Շուշի» մանկապատանեկան պարախումբը, պարուսոյցներ Լիլիթ Նալպանտեանի եւ Ալիսա Լախոյեանի ղեկավարութեամբ, 40 փոքրերու եւ պատանիներու մասնակցութեամբ յաջորդաբար ելոյթ ունեցաւ 16 եւ 17 Նոյեմբեր 2024-ին, «Գ. Եսայեան» սրահէն ներս, արուեստասէր բազմութեան ներկայութեան։
Պարախումբը յաջողեցաւ ժամանակաւորապէս հանդիսատեսը անջատել առօրեայ մտահոգութիւններէն:
Ձեռնարկը կը վայելէր հովանաւորութիւնը Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդին։ Ձեռնարկի կազմակերպչական աշխատանքը տարած էր մասնաճիւղի Պարարուեստի Յանձնախումբը։ Ձեռնարկին ներկայ էին Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդի ներկայացուցիչ հոգշ․ Տէր Մանուկ Վրդ. Պարիխանեան, Բերիոյ Կաթողիկէ Հայոց Առաջնորդի ներկայացուցիչ Հոգշ․ Տէր Կոմիտաս Վրդ․ Տատաղլեան, Հայ Աւետարանական Համայնքի պետ Վերապատուելի Դոկտ. Յարութիւն Սելիմեան, ՀՀ Հիւպատոսութեան խորհրդական Դաւիթ Թադեւոսեան, Ազգ․ իշխանութեան, Պատկան Մարմինի, Համազգայինի Սուրիոյ Շրջ. Վարչութեան, հալէպահայ միութիւններու ներկայացուցիչներ եւ արուեստասէր բազմութիւն մը։
Սուրիոյ եւ Հայաստանի զոյգ քայլերգներով յայտարարուեցաւ ելոյթին բացումը:
Մարիա Մոմճեան-Աղպապեան հայերէն բացման խօսքով անդրադարձաւ հայ ժողովուրդի արուեստասէր էութեան, աւելցնելով, որ հայ ազգը հայրենիքէն հեռու՝ սփիւռքի մէջ ապրելով, տարիներու ընթացքին հայաշունչ հոգին պահած է շնորհիւ հայ մշակոյթին, իսկ Համազգայինը հայ սերունդները մշակութային գործունէութեան շուրջ համախմբելով ձգտած է անոնց հետաքրքրութիւնը շարժել հայ երգի, պարի, գրականութեան եւ մշակոյթի տարբեր ճիւղերուն նկատմամբ: Իր խօսքի աւարտին Աղպապեան շեշտեց, որ «Շուշի» մանկապատանեկան պարախումբի փոքրիկները տքնաջան աշխատանքէ եւ երկար փորձերէ ետք բեմ պիտի բարձրանան ներկայացնելու իրենց աշխատանքին արգասիքը: