Այլ լուրեր

Յակոբ Տէր Մելքոնեան անունը բոլորիս կը յիշեցնէ Պուրճ Համուտի «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» հանդիսասրահը:
Ո՞վ է Յակոբ Տէր Մելքոնեան: Վստահաբար` բարերար մը, որուն նուիրատուութեամբ կառուցուած է յիշեալ մշակոյթի տունը: Միշտ այդպէս եղած է: Նիւթապէս ապահով հայորդիներու օժանդակութեամբ կառուցուած են եւ կը կառուցուին դպրոցներ, եկեղեցիներ, մէկ խօսքով` ազգային կալուածներ: