
Երեքշաբթի 14 Ապրիլ 2026-ին, յաջողութեամբ պսակեցինք մեր արձակուրդի յայտագիրը, որուն գլխաւոր թեման էր «Ողոմպիական Խաղերը»։ Օրուան ընթացքին.
Ծանօթացանք ողոմպիական խաղերու պատմութեան եւ խորհուրդին։
Պատրաստեցինք գեղեցիկ ձեռային աշխատանքներ։
Խաղացինք հաճելի խաղեր։
Օրուան ամենայատկանշական պահը մեր հիւրերն էին՝ «Mind and Move» ծրագիրը, որոնք երկու ժամուան ընթացքին Արարատ Սրահը վերածեցին իրական մարզադաշտի։
Բոլորս ալ տուն վերադարձանք լաւագոյն տպաւորութիւններով եւ մեծ խանդավարութեամբ։ Շնորհակալութիւն բոլոր մասնակիցներուն։
