
Շաբաթ, 11 Յունուար 2013 -ին, Լոս Անճելըսի մէջ, յանկարծամահ եղաւ անուանի խմբավար Արամ Ղարաբեկեանը, որ շարունակ տասներկու տարի, մինչեւ 2009 թուական, գլխաւորած էր Հայաստանի պետական կամերային նուագախումբը: Հ.Հ. արուեստի վաստակաւոր գործիչ` Ղարաբեկեան արժանացած էր «Մովսէս Խորենացի» մետալին:
Ծնած է Իրան` 1955-ին, ուսումը ստացած է Պոսթընի «Նիւ Ինկլընտ» երաժշտանոցէն ներս, ապա շարունակած է իր մասնագիտութիւնը Գերմանիոյ Մայնց քաղաքի երաժշտանոցէն ներս: Ղարաբեկեան 1983-ին հիմնած է Պոսթընի «Սինֆոնովա» նուագախումբը, որուն ղեկավարն էր մինչեւ 1991:
Ան ղեկավարած է բազմաթիւ նուագախումբեր` Չինաստանի, Խրուաթիոյ, Ուքրանիոյ եւ Գերմանիոյ մէջ:
Արամ Ղարաբեկեան ղեկավարն էր «Բաց երաժշտութեան ընկերակցութիւն» հիմնարկին:
Հոկտեմբեր 2008-ին, Արամ Ղարաբեկեանի ղեկավարութեամբ, Հայաստանի սենեկային նուագախումբը ելոյթներ ունեցաւ Արցախի մէջ կատարուած դասական երաժշտութեան փառատօնին: Այս ծրագրի իրագործման նախագիծը կը պատկանէր մաէսթրօ Ղարաբեկեանին, որովհետեւ ան, շարունակ կը շեշտէր, թէ համոզուած է, որ Արցախը պէտք է դառնայ հայութեան հոգեւոր կեդրոնը, իսկ Շուշին` հայ մշակոյթի քաղաք: