«Ուիքիփետիա»ի միջոցով արեւմտահայերէնը համացանցային լեզուի վերածելու եւ այդ միջոցաւ նորահաս սերունդին հետաքրքրութիւնը շարժելու օգտաշատ եւ գործնական նախաձեռնութիւն մը վերջերս իրականացաւ Հալէպի մէջ, «Ուիքիմետիա Հայաստան»ի նախաձեռնութեամբ, որուն յաջողութեան իր անսակարկ նպաստը բերաւ «Գալուստ Կիւլպէնկեան» Հիմնադրամը` հովանաւորելով արեւմտահայերէնի օգտագործման կարելիութիւններ ստեղծող այս նախաձեռնութիւնը:
Համագործակցութեամբ Համազգայինի Սուրիոյ Շրջանային Վարչութեան, 27 Օգոստոսէն 1 Սեպտեմբեր 2018-ին, Հալէպի ԱՄԺ Տան «Լ. Շանթ» սրահէն ներս տեղի ունեցաւ «Ուիքի Դպրոց Հաւաք»ը։ Դասընթացքի դասախօսն էր Հայաստանէն ժամանած «Արեւմտահայերէն Ուիքիփետիա» բաժինի պատասխանատու Ազնիւ Ստեփանեան-Արապաճեան։
Դասընթացքին նպատակն էր «Ուիքիփետիա»ի խմբագիրներ եւ համակարգողներ պատրաստել Սփիւռքի տարածքին՝ զարգացնելու «Արեւմտահայերէն Ուիքիփետիա»ն եւ տարածելու «Ուիքիփետիա»ի մասնակցութեան գաղափարը, ինչպէս նաեւ աշակերտութեան համար գործնական փորձերով վարժողական ծրագիրներ ի գործ դնելու:
Դասընթացքին իրենց մասնակցութիւնը բերած էին զանազան տարիքի 25 անհատներ։
Օրական 5 ժամ խանդավառ աշխատանքով, մասնակիցները ծանօթացան «Ուիքիփետիա»ին, անոր խմբագրութեան գործիքներուն եւ եղանակներուն, ինչպէս նաեւ պատրաստեցին եւ «Ուիքիփետիա»ին մէջ տեղադրեցին արեւմտահայերէն յօդուածներ:
Դասընթացքի հինգերորդ օրը մասնակիցներուն միացան փոքրիկ խմբագրողներ, որոնք մօտէն ծանօթացան «Ուիքիդարան»ին, իրենց կարգին ներդրում բերին արեւմտահայերէն գիրքերու թուայնացման աշխատանքին, ուղղագրական սրբագրութիւններ կատարելու միջոցներուն ծանօթացան, այն յոյսով, որ այս աշխատանքը կը շարունակուի։
Դասընթացքի փակման հանդիսութեան տիկին Արապաճեան շնորհակալութիւն յայտնեց Համազգայինի Սուրիոյ Շրջանային Վարչութեան, որ ընդառաջեց իր առաջարկին։ Ան շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ մասնակիցներուն, որոնք կը փորձեն ամէն միջոցի դիմել պահելու մեր լեզուն՝ արեւմտահայերէնը, որ այսօր վտանգուած լեզուներու կարգին կը դասուի, այն համոզումով, որ «Ուիքիփետիա»ն ալ հարթակ մըն է, որուն միջոցով ալ կարելի է օգտագործել արեւմտահայերէնը եւ նպաստել որ այս ծրագիրը աստիճանաբար կատարելագործուի:
Համազգայինի Սուրիոյ Շրջանային Վարչութեան ատենապետ Պերճ Պօղիկեան խօսք առնելով ըսաւ, որ Համազգայինը ընդառաջեց այս դասընթացքի առաջարկին, որովհետեւ համոզուած է, որ Հալէպը հայութեամբ տրոփող գաղութ է ու պիտի մնայ այն հարթակը, որմէ պիտի հնչէ ու տարածուի արեւմտահայերէնը։ Ապա ան շնորհակալութիւն յայտնեց Համազգայինի Սուրիոյ Հայագիտական Հիմնարկի շրջանաւարտ Ազնիւ Ստեփանեան-Արապաճեանին՝ Հալէպի մէջ նման աշխատանքի մը մեկնարկը կատարելուն համար՝ յուսալով որ այս աշխատանքը խթան կը հանդիսանայ մեր երիտասարդներուն՝ հետաքրքրութիւն ցուցաբերելու մեր լեզուին եւ ընծայուած միջոցներու օգտագործումով կատարեալին ձգտելու, սորվելու ու բծախնդրութեամբ մօտենալու արեւմտահայերէնի պահպանման առաքելութեան։
Այնուհետեւ խօսք առաւ Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տէր Շահան Սրբ. Արք. Սարգիսեանը եւ անդրադարձաւ համացանցի դրական ու բացասական կողմերուն՝ մասնակիցները հրաւիրելով գիտակցութեամբ եւ լեզուի անաղարտ պահպանման համար նախանձախնդրութեամբ աշխատելու։ Սրբազան հայրը գնահատեց Համազգայինը իր մշակութային առաքելութեան համար, ապա շնորհաւորեց Ազնիւ Արապաճեանի «Արեւմտահայերէն Ուիքիփետիա»ի զարգացման գծով տարած աշխատանքը։
Աւարտին, դասընթացքի մասնակիցներուն հաստատագիրներ բաշխուեցաւ ձեռամբ սրբազան հօր, ներկայութեամբ Համազգայինի Կեդր. Վարչութեան անդամ Կարօ Ալեքսանեանի եւ Համազգայինի Սուրիոյ Շրջ. Վարչութեան ատենապետին: Այնուհետեւ տեղի ունեցաւ կարկանդակի հատում եւ հիւրասիրութիւն։