
Հինգշաբթի, 19 Մարտ 2026-ի յետմիջօրէին, Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտական դպրոցի վարչութեան կազմակերպութեամբ, երաժշտանոցի ուսուցիչները նշեցին ուսուցչաց տօնը: Հանդիպումին ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Շրջ. Վարչութեան ներկայացուցիչ Բիւզանդ Պէպէճեան։
Վարչութիւնը, տնօրէնուհին եւ ուսուցիչները մտերմիկ մթնոլորտի մէջ զրուցեցին եւ տօնական օրերուն առիթով շնորհաւորական բարեմաղթութիւններ փոխանակեցին, որպէս մէկ ընտանիք աշխուժութեամբ շարունակելու իրենց վստահուած առաքելութիւնը։
Վարչութեան ատենապետ Շողեր Մուշեղեան-Հայրապետեան, գնահատեց երաժշտանոցի տնօրէնուհի Արշօ Այվազեանին հետեւողական աշխատանքը, նաեւ ուսուցիչներուն մասնագիտական բծախնդիր աշխատանքը, բոլորին մաղթելով քաջառողջութիւն եւ բարեյաջող գործունէութիւն։
Այս առիթով, Շրջ. Վարչութիւնը քաջալերական նուէրով զօրակցութիւն յայտնեց երաժշտական դպրոցի ուսուցիչներուն եւ պաշտօնէութեան, որոնք ի հեճուկս բոլոր դժուարութիւններուն, երաժշտութեան եւ յատկապէս հայ մշակոյթին հանդէպ սէրը վառ կը պահեն աշակերտներուն մօտ։
Ձեր տօնը շնորհաւոր, սիրելի՛ ուսուցիչներ։
