ԱՄՆ եւ Գանատա
Շրջանային Վարչութիւններ

Հինգշաբթի, 8 փետրուար 2025-ին, երեկոյեան ժամը 6-ին, հետաքրքրական ձեռնարկ մը տեղի ունեցաւ Պըրլինկէյմի հանրային գրադարանին մէջ: Սան Ֆրանսիսքոյի Համազգայինի «Նիկոլ Աղբալեան» մասնաճիւղն ու հանրային գրադարանի վարչութիւնը առաջին անգամ ըլլալով կը գործակցէին շատ յաջող երեկոյ մը հրամցնելով ներկաներուն:
Գրական ձեռնարկին հիւր դասախօսն էր դոկտ. Հեղնար Զէյթլեան-Watenpaugh, որ հմուտ եւ հաճելի ձեւով ներկայացուց իր վերջին գիրքը՝ «Պակսող Էջերը» (The Missing Pages):
Գիրքին առանցքը կը կազմեն Զէյթունի Աւետարանէն հանուած ու կորսուած էջերը, որոնք երկա՜ր ու դժուա՜ր ճամբայ կտրելէ ետք, թերեւս Աւետարանի ուժէն մղուած, վերջերս յայտնուած են Կէթթի թանգարանին մէջ:
Դասախօսութեան հեւ ի հեւ կը հետեւէին քառասուն ներկաներ, որոնց շարքին էին նաեւ օտարներ: Ամբողջ մէկ ժամ, շնորհիւ դոկտ. Զէյթլեանին, անոնք շարժապատկերի մը դիմաց ըլլային կարծես: Հակառակ անոր, որ գիտէին, թէ Աւետարանի էջերը վերջ ի վերջոյ տեղ պիտի հասնէին եւ անդարձ չկորսուէին, սպասողական վիճակի մէջ էին եւ ուշադիր կը հետեւէին դէպքերու ընթացքին: Տեղ-տեղ միաձայն կը բացագանչէին, իրենց յուզումը խմբովին արտայայտելով:
Դասախօսութենէն ետք ներկաները առիթ ունեցան հարցումներ ուղղելու յարգելի դասախօսուհիին եւ իրենց խանդավառութիւնը յայտնեցին բուռն ծափահարութիւններով:
Ձեռնարկի վերջաւորութեան տեղի ունեցաւ գիրքի վաճառք եւ մակագրութիւն:
Համազգայինի «Նիկոլ Աղբալեան» մասնաճիւղի վարչութիւնը նորանոր յաջողութիւններ կը մաղթէ դոկտ. Հեղնար Զէյթլեանին եւ շնորհակալութիւն կը յայտնէ Պըրլինկէյմի հանրային գրադարանի պատասխանատուներուն՝ իրենց մասնակցութեան եւ ազնիւ վերաբերմունքին համար:
Նանի Թորոսեան Թնճուկեան