
Երկուշաբթի, 10 Մարտ 2025-ին Համազգայինի Գեղարուեստի դպրոցներու խնամակալութենէն պատուիրակութիւն մը այցելեց Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպանատան մշակութային համագործակցութեան եւ ծրագիրներու փոխխորհրդատու եւ ֆրանսերէնի ուսուցման պատասխանատու Իզապէլ Փիքոյին:
Հանդիպումին պատուիրակութիւնը ներկայացուց Գեղարուեստի դպրոցներուն կառոյցը, ծրագիրներն ու աշխատանքները: Փիքոն մեծապէս գնահատեց Համազգայինի ճիւղաւորուած եւ բեղուն գործունէութիւնը: Ան շեշտեց, որ լեզուները մարդկութեան պատկանող հարստութիւններ են, եւ Համազգայինը մշակոյթի ճամբով նաեւ կը նպաստէ հայոց լեզուի պահպանման ու տարածման, ինչ որ մեծապէս ողջունելի է:
Հաւաքը առիթ հանդիսացաւ արծարծելու բազմատեսակ ծրագիրներու շուրջ համագործակցութեան կարելիութիւնները:
Այս շրջագիծին մէջ Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպանատան մշակութային բաժանմունքը պատրաստակամութիւն յայտնեց գործակցելու Համազգայինի «Թորոս Ռոսլին» կերպարուեստի դպրոցի լիբանանահայ վարժարաններու գծագրութեան մրցանքին, որ նուիրուած է Ժանսէմի ծննդեան 105-ամեակին, եւ որ տեղի պիտի ունենայ Շաբաթ, 5 Ապրիլ 2025-ին, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ: