2 Նոյեմբեր 2024-ին կայացաւ «Պատանի Հայագէտ» ամէնամեայ հայագիտական խաղ-մրցաշարի 3-րդ մրցոյթը՝ համազգայինի «Պատանի Հայագէտ» յանձնախումբի նախաձեռնութեամբ, Գօլստըն Ճեմարանի սրահէն ներս։
Մրցոյթին մասնակից էին Աւստրալիոյ ամէնօրեայ եւ շաբաթօրեայ 7 դպրոցներ Սիտնիէն եւ Մելպուրնէն։ Իւրաքանչիւր վարժարանէ չորս աշակերտ՝ ընդհանուր 28 աշակերտներ, որոնք ընդգրկուեցան չորս մրցող խումբերու մէջ՝ Արեգակ, Լուսնեակ, Աստղիկ եւ Լուսաստղ։
Մրցոյթը անցաւ համագործակցութեան ջերմ եւ աշխոյժ մթնոլորտի մէջ, ուր աշակետները ներկայացուցին իրենց գիտելիքները հայագիտութեան տարբեր բնագաւառներու մէջ։ Մրցոյթի թեման հայկական գաղափարանշաններն էին։ Հրաւիրուած էին աւստրալահայ համայնքի բարձրաստիճան հոգեւոր անձեր, գաղութի կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ, դպրոցներու տնօրէններ եւ ուսուցչական կազմ, ծնողներ, աշակերտներ եւ համայնքի այլ անդամներ։ Մրցոյթին յատուկ հիւրն էր հայրենիքէն ժամանած սիրուած դերասան Սամուէլ Թոփալեանը։Ան ասմունքով միացաւ աշակերտներու կողմէ պատրաստուած գեղարուեստական յայտագրին,նաեւ յայտնեց իր հիացումը մրցոյթի եւ հրաշալի աշակերներուն հանդէպ։
Միջոցառումը դարձաւ Աւստրալիոյ հայկական դպրոցներու համախմբման եւ համատեղ աշխատանքի անօրինակ առիթ։
Կը շնորհաւորենք մեր շնորհալի պատանի հայագէտները եւ «Պատանի Հայագէտ» յանձնախումբը՝ հրաշալի ցերեկոյթի համար, զոր սիրով եւ մեծ հետաքրքրութեամբ վայելեցին թէ՛ հանդիսատեսը, թէ՛ մասնակից դպրոցները։
Յաղթանակ տարաւ Լուսնեակ խումբը, զոր կը ներկայացնէին՝
Մետաքսի Տեմիրճեան - Համազգային Արշակ եւ Սօֆի Գօլստըն ճեմարան, Սիտնի
Ճոզէֆ Կիրակոսեան - Համազգային Թարգմանչաց շաբաթօրեայ վարժարան, Սիտնի
Մերի Յովհաննիսեան - Համազգային Թումանեան շաբաթօրեայ վարժարան, Սիտնի
ՀելէնՍարա Ադամեան - Համազգային Մեսրոպ Մաշրոց-Մատթէոսեան շաբաթօրեայ վարժարան, Մելպուրն
Մարիաննա Թէրզապեան - Համազգային Փափազեան շաբաթօրեայ վարժարան, Սիտնի
Լարա Գալստեան - ՀԲԸՄ Ալեքսանտր վարժարան, Սիտնի
Վարդուհի Վարդանյան - Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ Ակինեան ազգային վարժարան, Մելպուրն
Մրցոյթի աւարտին Սրբազան հայրը իր գնահատանքի ու քաջալերանքի խօսքին մէջ շեշտեց միասնական աշխատանքի կարեւորութիւնը եւ պահպանիչով փակեց ձեռնարկը։
Համազգային Պատանի Հայագէտ յանձնախումբ