
Աւստրալիոյ Համազգայինի Պ. Հ. յանձնախումբը մեկնելով իր նախագիծի նպատակէն, 23 Մայիս 2026-ին կազմակերպեց իր երկրորդ սեմինարը, ի մի բերելով նախորդ տարիներու մրցումի մասնակից պատանինեը։
Ներկայ էին ամէնօրեայ եւ շաբաթօրեայ վարժարանի աշակերտները։
Օրուայ թեման կը կրէր «ԴԷՊԻ Արմատներ» խորագիրը, որ նախօրօք պատրաստուած տեսանիւթ մըն էր, ուր նկարահանուած էր «Հայ եմ ես» երգը եւ «Դէպի Արարատ» ֆիլմէն հատուածներ։ Մասնակիցները դիտելէ ետք պատասխանեցին շարք մը հարցումներու, որոնք պատրաստուած էին այս առնչութեամբ, զրուցեցին իրենց արմատներու, մանկական յուշերու, ապագայի երազներու մասին եւ թէ ի՛նչպէս պիտի պահեն ու պահպանեն իրենց ինքնութիւնը հայրենիքէն 13,000 ք. հեռու։
Հայ արուեստի կամ արհեստի ծանօթացման այս տարուան օրակարգին ընդգրկուած էր գորգագործութիւնը, անոնք գործեցին եւ ծանօթացան հայկական գորգագործութեան պատմութեան։
Երգի օրակարգին ընտրուած էր Տիգրանակերտի «Հելէ հելլէ Նիննոյէ» կատակ երգը, որ պատանիներուն հաճելի պահեր պարգեւեց, երբ իրարու անուններուն համար խօսքեր կը յօրինէին։
Հին խաղերու մեր օրակարգին անոնք ծանօթացան «գնդիկ»ի եւ «հոլ»ի խաղերուն։
Խումբերը իրենց խմբաետներուն հետ ընդլայնուած տեղեկութիւններ փոխանցեցին Սասունի եւ Զէյթունի գաւառներու մասին, ապա «Եարխուշտա» պարով խանդավառ մթնոլորտի մէջ աւարտեցաւ սեմինարը։
