
ԱԶԳ ՄԸ ՀԶՕՐ ՈՒ ԿԱՅՈՒՆ ԿՐՆԱՅ ՄՆԱԼ ԻՐ ԳԻՏԱԿԻՑ ՈՒ ԶԱՐԳԱՑԱԾ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՈՒԹԵԱՆ ՇՆՈՐՀԻՒ:
Համազգայինի Աւստարլիոյ Շրջանային Վարչութեան հովանաւորութեան ներքոյ գործող «ՊԱՏԱՆԻ ՀԱՅԱԳԷՏ» յանձնախումբի կազմակերպած հարց - պատասխանի խաղ մրցոյթը տեղի ունեցաւ Շաբաթ 9 Սեպտեմբեր 2023-ին, Համազգայինի «ԱՐՇԱԿ ԵՒ ՍՕՖԻ ԳՕԼՍՏԸՆ» ճեմարանի Նալպանտեան սրահին մէջ Շաբաթօրեայ չորս վարժարաններու եւ Գօլստըն ամէնօրեայ ճեմարանի աշակերտներու մասնակցութեամբ։
Մրցումը Համազգայինի հիմնադրութեան 95-ամեակին առթիւ տեղի ունեցող ձեռնարկներէն մին էր:
«Պատանի Հայագէտ» ծրագրին նպատակն է.
- Համախմբել Աւստրալիոյ հայկական վարժարաններու աշակերտները հայագիտական մրցոյթ խաղի աշխոյժ եւ ջերմ մթնոլորտին մէջ,
- Մրցումի միջոցով փոխանցել եւ զարգացնել հայագիտական գիտելիքներ, հայոց պատմութեան եւ ազգային արժէքներու բնագաւառներէն ներս,
- Աջակցիլ ազգային ոգիով եւ գիտակից սերունդի մը պատրաստութեան ջանքերուն, զայն հաղորդ դարձնելով իր պատկանելիութեան, պատմութեան եւ արժէքներուն.
- Ստեղծել եւ ամրապնդել ընկերային առողջ միջավայր.
Մրցոյթը ընթացաւ աշխոյժ եւ մեծ հետաքրքրութեամբ։ Ուրախալի երեւոյթ էր տեսնել համարձակ եւ ինքնավստահ աշակերտներ, որոնք, յուսով ենք, որ մեր գաղութին ապագայ գործիչներն ու ղեկավարները պիտի դառնան։
Աւարտին տեղի ունեցաւ աշակերտութեան կողմէ պատրաստուած գեղարուեստական յայտագիր, որ Տհոլի մասնակցութեամբ աւելի եւս ճոխացաւ։
Նախքան միաւորները յայտարարուիլը, իր պատգամը փոխանցեց յանձնախումբի անդամ եւ վաստակաւոր ուսուցչուհի Տիկ. Գոհար Մարաշլեանը, որ Ուիլեըմ Սարոյեանի հայ մարդու կերպարի բնութագրումը լուսարձակի տակ առնելով ընդգծեց.
«Սերտել, սորվիլ, հարցնել, փնտռել, գտնել, հնարել, շինել եւ տալ»:
Այս մրցումին մէջ յաղթող էին մասնակից բոլոր վարժարանները եւ աշակերտները, անոնք իւրացուցին գիտելիքներ եւ ձեռք բերին փորձառութիւն:
Ապա իրաւարարները Թումանեան Շաբաթօրեայ Վարժարանը յայտարարեցին 2023 տարուան մրցոյթի առաջին մրցանակակիրը: Իր շնորհաւորանքի եւ սրտի խօսքը փոխանցեց Շրջանային Վարչութեան ատենապետ Գէորգ Վարդանեանը:
Համազգայինի Շրջանային Վարչութեան կողմէ գնահատագրեր ստացան օրուան դատական կազմի անդամներն ու Պատանի Հայագէտ յանձնախումբի անդամները։
Յանձնախումբը յատուկ շնորհակալական յուշանուէրներով պատուեց ծրագրին նիւթապէս նեցուկ կանգնողները։
Վարձքը կատա՛ր մեր կամաւոր ուսուցիչ - ուսուցչուհիներուն, տնօրէնութեանց, խնամակալ մարմիններուն, ծնողներուն, եւ ի մասնաւորի մեր պատրաստակամ եւ խանդավառ աշակերտութեան, որոնք անսակարկ թիկունք կանգնեցան այս ծրագրի յաջողութեան:
Հաստատ քայլերով պիտի շարունակենք իրագործել Համազգայինի ազգանուէր առաքելութիւնը, ի սփիւռս աշխարհի պահելով եւ պահպանելով հայ լեզուն, պատմութիւնը եւ աւանդութիւնը։
ԱՄԷՆ ԱԶԳ ԿԵՆԴԱՆԻ Է ԻՐ ԼԵԶՈՒԻ ԵՒ ԱԶԳԱՅԻՆ ԳԻՏԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՇՆՈՐՀԻՒ:
ՊԱՏԱՆԻ ՀԱՅԱԳԷՏ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲ