Շաբաթ, 16 Նոյեմբեր 2024-ին, Տիթրոյթի «Համազգային»-ի «Արաքս» պարախումբը մեծ յաջողութեամբ հանդէս եկաւ իր տարեկան ելոյթով, գեղարուեստական ղեկավարութեամբ Նայիրի Կարապետեանի եւ Տիգրան Գալլեանի։ Սոյն տարուան ելոյթը նուիրուած էր Երեւանի 2800-ամեակին՝ ոգեկոչելու իր բազմաշերտ անցեալն ու մշակութային աննկարագրելի ժառանգութիւնը։
Որքա՜ն ոգեւորիչ էր տեսնել, թէ ինչպէս 127 փոքրիկներ, պատանիներ եւ երիտասարդներ համախմբուած կը պարեն։ Ու պարը սոսկ պար ըլլալէ կը դադրի, որովհետեւ կը դառնայ միջոց համախմբման։ «Համազգային»-ի առաքելութիւնն ալ ի սկզբանէ միթէ այդ չէ՞ եղած. ծանօթացնել եւ սորվեցնել մեր ազգային պարերը եւ մշակոյթի ճամբով խորացնել ինքնութեան գիտակցութիւնը՝ ստեղծելով միասնական, արմատներուն կապուած սերունդ մը։ Ահա այս միտքերով հանդէս եկաւ իր բացման խօսքին մէջ Շողեր Ուրուլեան ու յատուկ շնորհակալական խօսք ուղղեց պարուսոյցներուն, որոնց անսակարկ նուիրումին արդիւնքն էր այս գեղեցիկ երեկոն։ Շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ օգնական պարուսոյցներուն, ինչպէս նաեւ՝ ելոյթի բոլոր սատարողներուն, մասնակիցներուն, նուիրատուներուն եւ հանդիսատեսներուն։