Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան կազմակերպութեամբ Չորեքշաբթի, 25 Հոկտեմբեր 2017-ին, երեկոյեան ժամը 8:30-ին, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ ցուցադրուեցաւ Պարէտ Մարոնեանի «1915-ի կիները» վաւերագրական ժապաւէնը:
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Թամար Սնապեան-Սուրճեան, որ ըսաւ, թէ «1915-ի կիները» ժապաւէնին դրական արձագանգները այնքան առատ են, որ աշխարհի չորս ծագերուն անիկա արժանացած է բուռն գնահատանքի եւ տասնեակէ մը աւելի մրցանակներու, ապա աւելցուց, որ Պարէտ Մարոնեան ճանաչում գտած արուեստագէտ է, «1915-ի կիները» ժապաւէնը կը ներկայացնէ հայ կինը իր բոլոր երեսներով` գեղջուկը, հայրենասէրը, ֆետային, ստեղծագործողը, ասեղնագործողը, մայրը: 12 ենթաբաժանումներով եւ յաւելուածական մէկ բաժինով ներկայացուած ժապաւէնին մէջ հայ կնոջ կերպարէն զատ կան նաեւ օտար կիներ, հասարակական գործիչներ, ուսուցիչներ, միսիոնարներ, որոնք ձգելով իրենց հանգիստն ու խաղաղ կեանքը, մարդասիրական հոյակապ դրսեւորումներով նեցուկ կանգնած են անպատսպար հայ ժողովուրդի զաւակներուն:
Շուրջ մէկուկէս ժամ հանդիսատեսը ժապաւէնին ընդմէջէն վերապրեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան արհաւիրքը, հայ ժողովուրդի զաւակներուն կրած խոշտանգումները, տառապանքները, մասնաւորապէս հայ կնոջ ապրած տանջանքները, սարսափազդու պահերը, բայց նոյն ատեն նաեւ ոտքի կանգնելու վճռակամութիւնը, ապրելու եւ պայքարելու կամքը, ապրելու եւ իրեն հետ ապրեցնելու նաեւ ուրիշներ: Ժապաւէնը անդրադարձաւ նաեւ այն մարդասէր օտար քոյրերուն, որոնք իրենց հանգիստ երկիրները ձգելով հասած են հայ ժողովուրդին, օգնութեան ձեռք երկարած եւ ամէն գնով աշխատած պահել, գուրգուրալ, եւ կրկին ոտքի հանել հայ որբերը: