Ուրբաթ, 7 Յունիս 2024-ին, երեկոյեան ժամը 7։00-ին, հովանաւորութեամբ Համազգայինի Սուրիոյ Շրջանային վարչութեան, կազմակերպութեամբ «Աւետիս Ահարոնեան» մասնաճիւղի վարչութեան եւ մասնակցութեամբ Ազգային միացեալ վարժարանի միջնակարգ եւ երկրորդական բաժիններու աշակերտներուն, տեղի ունեցաւ Պարոյր Սեւակի ծննդեան 100-ամեակին նուիրուած ասմունքի երեկոն, Համազգայինի կեդրոնէն ներս։
Օրուան հանդիսավարն էր Դալար Մարտիրոսեան. ան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն, ապա հրաւիրեց մասնաճիւղի Ատենապետ Շուշան Արթին տալու սրտին խօսքը: Ան առաջին հերթին շնորհակալութիւն յայտնեց ծնողք-աշակերտ եւ վարչութիւն գործակցութեան եւ շեշտեց, որ այսպիսի երեկոներ մշտական պէտք է կազմակերպուին, որպէսզի նոր սերունդը մօտէն ծանօթանայ հայ գրականութեան։
Մրցումը սկիզբ առաւ երկու հերթով։ Ութ մասնակիցներ յաջորդաբար ասմունքեցին, իսկ մրցոյթի դատական կազմը իր կարծիքը եւ նկատողութիւնը փոխանցեց անոնց։
Սիւզի Յովհաննէսեան ընթերցեց բանաստեղծին կենսագրականը՝ տեսերիզի ցուցադրութեամբ։
Դատական կազմի անդամներուն խորհրդակցութենէն ետք, միջնակարգի խմբակէն առաջին դիրքին արժանացաւ Եւա Դարբինեան, երկրորդ դիրքին տիրացան՝ Գէորգ եւ Կարօ Կարապետեանները, իսկ երրորդ հանդիսացաւ Կարօ Սարգիսեան։
Երկրորդական բաժինի մասնակցողներուն պատկերը հետեւեալն էր.
Առաջին դիրք՝ Կայէլ Սարգիսեան
Երկրորդ՝ Քարէն Թովմասեան
Երրորդ՝ Մելիսիա Սիմոնեան
Չորրորդ՝ Մարիամիկ Կարապետեան
Առաջին դիրքը գրաւող աշակերտները պարգեւատրուեցան «Պարոյր Սեւակ 100 բանաստեղծութիւն» նոր հրատարակուած գիրքով, զոր մասնաճիւղը շնորհակալութեամբ ստացաւ Համազգայինի Սուրիոյ Շրջանային Վարչութեան կողմէ, նաեւ Յակոբ Օշականի եւ Մկրտիչ Պէշիկթաշլեանի գիրքերով պարգեւատրուեցան երկրորդ եւ երրորդ դիրքերը գրաւողները։
Բոլոր մասնակիցները մասնաճիւղի վարչութեան կողմէ ստացան մասնակցութեան հաստատագիր։
Յայտագիրի աւարտին, Սուրիոյ Շրջանային վարչութեան անդամ Ռիթա Տէր Սարգիսեան-Կարապետեան շնորհակալութիւն յայտնեց դատական կազմի անդամներուն, Յասմիկ Պօզոյեանին, Աբիկ Քէհեայեանին եւ Մեղրի Ասիլեանին՝ իրենց տարած աշխատանքին համար։ Ան անդրադարձաւ հայ լեզուի կարեւորութեան եւ պահպանման եւ երիտասարդութեան մօտ հայերէն գիրք ընթերցելու սէրն ու փափաքը աշխուժացնելու կարեւորութեան։
Ասմունքի երեկոն իր աւարտին հասաւ յիշատակելի խմբային նկարներով։