
Ուրբաթ, 22 Մարտ 2024-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ տիրական ներկայութիւն էր Պարոյր Սեւակի ծննդեան 100-ամեակի հանդիսութեամբ ու «100 բանաստեղծութիւն» հատորին շնորհահանդէսով կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան ու Գիր եւ գրականութեան մասնագիտացած մասնաճիւղին:
Լիբանանի, Հայաստանի եւ Արցախի քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք ձեռնարկին բացման խօսքը արտասանեց Նանօր Թաշճեան, որ դիտել տուաւ, թէ նման հանդիսութեան մը նախաձեռնած են ոգեկոչելու եւ մօտէն ըմբոշխնելու հայ բանաստեղծութեան մէջ անուանի հայրենի բանաստեղծ, գրականագէտ եւ թարգմանիչ Պարոյր Սեւակի ունեցած մեծ ներդրումն ու անկորնչելի վաստակը:
«Իր գրականութեան յաւերժական անյայտը եղան մարդ արարածն ու անոր ոգեղէն գոյութեան բացայայտումը: Անոր հերոսները եղան ազնիւ ու ուղղամիտ մարդիկ, որոնք ոգեւորեցին, տխրեցուցին եւ հիացուցին մեզ: Ան բացայայտ ու բարձրաձայն խօսեցաւ ու գրեց այն ամէն ինչին մասին, որոնք նոյն տարիներուն կ՛ըսուէին կիսաձայն, տողերու արանքով:
«Պարոյր Սեւակ ունեցած է քարիզմաթիկ գրաւչութիւն եւ գրական անհատականութիւն: Անդրադարձած է` հայ ժողովուրդի ճակատագիրին, Հայոց ցեղասպանութեան, ազգային վերածնունդին եւ ամբողջական հայութիւնը հայրենիքի շուրջ հաւաքելու թեմային: Անոր գործերը հարուստ են` խորաթափանց յոյսերով, սիրային զգացումներով, համամարդկային հրամայականներով, ազգային շունչով ու հաւատքով», ըսաւ Ն. Թաշճեան:
Դիտել տալով, որ Սեւակին ուժն ու միակ գնահատողը եղաւ հայ ժողովուրդը, որուն համար ստեղծեց ու կատարեց իր պատմական դերը, ան շեշտեց, որ այսօր, աւելի քան երբեք, անհրաժեշտ է կառչիլ հայ գիրին, լեզուին, գրականութեան, մշակոյթին եւ զանազան նախաձեռնութիւններով պահպանել եւ զարգացնել զանոնք:
Ապա ցուցադրուեցաւ Պարոյր Սեւակի տուն-թանգարանին կողմէ պատրաստուած տեսերիզ մը` բանաստեղծին կեանքն ու գործունէութիւնը ներկայացնող: