Միջին Արեւելք
Շրջանային Վարչութիւններ

Ուրբաթ, 19 Փետրուար 2016-ին, երեկոյեան ժամը 8:30-ին, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ Համազգայինի «Արեգ» թատերախումբի աւագ սերունդը ներկայացուց Ֆետերիքօ Կարսիա Լորքայի «Պեռնարտա Ալպայի տունը» թատրերգութիւնը` գեղարուեստական ղեկավարութեամբ եւ բեմադրութեամբ Ռոպերթ Առաքելեանի:
Երկու արարով թատերախաղը կ՛արծարծէր ընկերային հասարակական խնդիրներ, ազատութեան ձգտում, կարծրատիպեր, բեկուած ճակատագիրներ: Թատերախաղի հերոսուհիները պայքար կը մղէին յանուն ազատ կեանքի, անկաշկանդ սիրոյ եւ երջանկութեան` կնոջ սահմանուած գիտակցումով եւ կեանքի բնական սպասումներով: Իգական բարդ ներաշխարհը բացայայտելու պատասխանատուութիւնը դրուած էր Համազգայինի «Արեգ» թատերախումբի աւագ սերունդի ներկայացուցիչներուն ուսերուն վրայ: