
Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին ձեռամբ Անթիլիասի մայրավանքին մէջ միւռոնօրհնէքի առիթով, նախագահութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեանի, Շաբաթ, 2 Յուլիս 2022-ին, կէսօրէ ետք ժամը 4:30-ին, Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին մէջ բացումը կատարուեցաւ «Պէյրութ` լոյսի օրրան» խորագիրով ցուցահանդէսին: Ներկայ էին միւռոնօրհնէքին առիթով Լիբանան հասած հիւրեր, լիբանանահայ արուեստագէտներ եւ Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան անդամներ:
Այս ցուցահանդէսը կը համախմբէ անցնող քանի մը տարիներուն առողջապահական ճգնաժամի ընթացքին եւ այլապէս իրենց մահկանացուն կնքած լիբանանահայ վաստակաշատ արուեստագէտներու` Կիւվտէրի, Ռոզվարդ Սիսեռեանի, Զաւէն Խտըշեանի եւ ցուցասրահի բարերար Լիւսի Թիւթիւնճեանի գործերէն հաւաքածոյ մը: Հաւաքական այս ցուցահանդէսին կը մասնակցին նաեւ լիբանանահայ կերպարուեստի վաստակաշատ ու տաղանդաշատ ներկայացուցիչներ Հրայր, Միսաք Թերզեան, Գրիգոր Ակոբեան, Ժաքլին Օհանեան, Կիւլէն Թորոսեան-Տէր Պօղոսեան, Րաֆֆի Թոքաթլեան եւ Միրէյ Կոկիկեան: