Կիրակի, 2 Մարտ 2008ի երեկոյեան ժամը 8:00ին, «Յովհաննէս Պօղոսեան» սրահին մէջ, կազմակերպութեամբ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան, տեղի ունեցաւ հայրենի տաղանդաւոր արուեստագէտ, Հայաստանի Երգահաններու միութեան նախագահ Ռոպէրթ Ամիրխանեանի ելոյթը՝ ներկայութեամբ Լիբանանի Հայոց Թեմի առաջնորդ Գեղամ եպս. Խաչերեանի, Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Անդրանիկ Մսըրլեանի եւ արուեստասէրներու:
Ձեռնարկին բացման խօսքը Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան անունով արտասանեց Սեպուհ Այնթապեան, որ նշեց, թէ այս ելոյթը շարժառիթ մըն է կամրջելու հինը նորին, որուն ճամբով կարելի կþըլլայ երաշխաւորել հայկական մշակութային հարստութեան գոյատեւումը:
Այնթապեան Համազգայինի 80ամեակին առիթով հաստատեց, թէ 80ամեակի ձեռնարկներն ու աշխատանքները գաղութին մէջ պիտի ստեղծեն համազգայնական մթլոլորտ՝ ստեղծելու համար մշակութային հայավայել մթնոլորտ: Իր խօսքի աւարտին Սեպուհ Այնթապեան յոյս յայտնեց, որ յաւերժօրէն պիտի հնչէ ամիրխանեաններու երգը: Այնթապեան նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց ազգային բարերար Գաբրիէլ Չէմպէրճեանին, որուն շնորհիւ կարելի եղաւ յաջողցնել այս երեկոն:
Ապա բեմ բարձրացաւ Ռոպէրթ Ամիրխանեան, որ իր երգերով հմայեց ներկաները: Ելոյթը սկսաւ «Երազ իմ երկիր հայրենիք» երգով, ապա հնչեցին «Այնպէս ուզում եմ», «Կարմիր ծաղիկ մը Գարունի», «Տինկ - Տոնկ», «Հայի աչքեր» ու այլ ստեղծագործութիւններ:
Ելոյթին նաեւ իրենց մասնակցութիւնը բերին Սեդա Ամիրքարայեան եւ Համազգայինի «Կարկաչ» մանկապատանեկան երգչախումբը: Կարկաչականները երգեցին «Ծիլն արեւին», «Նոր Տարի» եւ «Պույ-պույ մկնիկ» երգերը: